Ուրբաթ, 4 Մարտ 2011 - Ժամահարներու Օրհնութիւն եւ օծում Սան Շամոնի հովուական եւ մշակութային հայ կեդրոնի եկեղեցիին


Սան Շամոն

Հինգշաբթի
3 մարտ 2011, Սան Շամոնի եւ hայ կաթողիկէ համայնքը պատմական օր մը ապրեցան: Երկար տարիներ սպասելէն ետք, առաջին երազը իրականացաւ՝  նոր եկեղեցւոյ զանգակներուն օրհնութեամբ :

Առաւօտեան ժամը 11-ին, բազմաթիւ հայեր հաւաքուած էին նոր եկեղեցւոյ բակին առջեւ՝ սպասելու հոգեւոր եւ քաղաքական անձնաւորութիւնները:

Արարողութիւնը սկսաւ երբ Ֆրանսայի hայ կաթողիկէ առաջնորդը արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Ղապրոյեանը, ընկերակցութեամբ Սենդ Էդէէնի լատինաց արքեպիսկոպոս՝ արհիապատիւ Տոմինիք Լը Պրանին եկեղեցւոյ բակը մտան, իրենց շուրջ ունենալով Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կղերը, քաղաքին լատին եւ հայ առաքելական եկեղեցիներու ժողովրդապետները:

Արարողութիւնը սկսաւ Սան Շամոնի եկեղեցւոյ գեր. հայր Անդրանիկ Ադամեանի բացման խօսքով՝ որ ուրախութիւնն յայտնեց այս գեղեցիկ օրուան: Շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ նախախնամութեան, արհիապատիւ գերապայծառին որ տարիներէ ի վեր կաշխատի այս կեդրոնին կարուցանելու իրականացման: Շնորհակալութիւն յայտնեը նաեւ հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն իրենց աջակցութեան եւ ներկայութեան:

Ապա սկսաւ զանգակներու օրհնութեան արարողութիւնը Սաղմոսով: Արհիապատիւ գերապայծառը սկսաւ օրհնեալ ջուր թափել նոր զանգակներուն վրայ, ըսելով. «Ասոնց ձայնի ազդեցութեամբ, ո՛վ Տէր, տուր որ հիւանդութիւններու մէջ գտնուողները, լսելով ասոնց հնչիւնը, յիշեն Քու ահեղ եւ Սուրբ Անունդ եւ խնդրեն ողորմութիւն, որպէս զի լսես Եւ թեթեւցնես եւ փարատես իրենց բոլոր ցաւերը»:

Ապա սուրբ Միւրոնով օրհնեց առաջին զանգակը որ կոչեց հաւատոյ զանգակը, որմէ ետքը Լը Պրան Եպիսկոպոսը օրհնեց երկրորդ զանգակը զայն կոչելով յոյսի զանգակը: Իսկ վերջին զանգակը որ կոչուեցաւ սիրոյ զանգակը օրհնուեցաւ Սան Շամոնի հայր Անդրանիկ Ադամեանի ձեռքով:


Արարողութեան
ընթացքին, խօսք առին արհիապատիւ Ղապրոյեան գերապայծառը որ, յուզումով եւ ուրախութեամբ, յայտարարեց հայ կաթողիկէ սիրելի ժողովուրդին թէ Աստուած մեզի հետ էր, մեզի օգնեց որ Իր տունը շինուէր եւ ձեզի նուիրուէր որպէսզի զինքը փառաբանէք եւ սիրէք, եւ շէն պահէք այս կեդրոնը:

Լը Պրան եպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնեց Գերապայծառին որ իրեն հրաւիրեց յոյսի զանգակը օրհնելու: «Մենք քրիստոնեաներս յոյսով է որ կապրինք», ըսաւ եւ շարունակեց ըսելով. «մեծ յոյսով կը սպասենք Եկեղեցւոյ փառքաւաճումը եւ յաղթանակը»: Ողջունեց նահանգի երեսփոխան՝ պարոն Ֆրանսուա Րոշպլուանը, Սան Շամոնի քաղաքապետ՝ պարոն Ֆիլիփ Քիզիրեանը եւ հաւատացեալները: Խօսք առաւ նաեւ ժողովրդապետութեան ատենապետը որ իր ուրախութիւնն յայտնեց այս եկեղեցական եւ մշակութային կեդրոնին իրականացման: Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք աշխատեցան այս կեդրոնը իրականացնելու, մանաւանդ Ֆրանսայի թեմին առաջնորդ՝ արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Ղապրոյեանին:

Արարողութենէն ետքը բոլոր ներկաները մասնակցեցան օրուայ ճաշկերոյթին որ պատրաստուած էր եկեղեցւոյ խորհուրդին անդամներուն կողմէ:


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ