Ուրբաթ, 5 Սեպտեմբեր 2008 - Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը Շնորհաւորէ Ժան Քահաուաժին

2 Սեպտեմբեր 2008ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը շնորհաւորական նամակ մը ուղղեց Լիբանանեան բանակի նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիին, որուն ընդմէջէն շնորհաւորեց նաեւ Լիբանանեան Բանակը եւ համայն Լիբանանի ժողովուրդը, վստահեցնելով որ բանակը Լիբանանցիներուն ապահովութեան երաշխիքն է:

Ամեն. Հոգեւոր Տէրը բարձր գնահատեց Քահուաժիի ջանքերը երկիրը պաշտպանելու բոլոր տեսակի վտանգներէն, եւ ինչպէս նախապէս զօրակցութիւն յայտնած էր նախագահ Սլէյմանին, դարձեալ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի բանակի հրամանատարին, յուսալով որ ան պիտի կարենայ դիմագրաւել իր ստանձնած պատասխանատու մարտահրաւէրները մեծ յաջողութեամբ աղօթելով որ Ամենաբարին Աստուած իմաստութիւն, կորով և համբերութիւն պարգեւէ անոր:
 
Լիբանանը ըլլալով օճախ տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նամակի աւատրին աղօթք բարձրացուց Աստուծոյ, որ Լիբանանը պահպանէ բոլոր տեսակի չարիքներէ եւ լուսաւորէ անոր ապագան որպէսզի ան դառնայ ազատ եւ անկախ հայրենիք բոլոր լիբանանցիներուն ինչպէս նաեւ արաբական ու համայն աշխարհի ժողովուրդներուն համար:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ