Մոնդրեալ, Գանատա
Կիրակի 21 Սեպտեմբեր 2008ին, Մոնդրեալի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին տօնեց իր օծման 25-ամեայ արծաթեայ յոբելեանը: Այս առթիւ Հ.Գէորգ Ծ.Վ. Զապարեան մատուցեց Ս. Պատարագ եւ փոխանցեց օրուան պատգամը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ քօղազերծում Գրպծ. Եդուարդ Գորդիքեանի կրանիտիայ դիմանկարին:
Հայր Զապարեան իր պատգամին մէջ տուաւ պատմականը Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ, որ հիմնուած է 25 տարի առաջ Գերապայծառ Եդուարդ Թ.Ծ.Վ. Գորդիքեանի եւ իր գործակիցներուն, բարերարներու եւ հաւատացեալկներու ջանքերով, որոնք «Աստուծոյ շնորհքով, խոր գիտակցութեամբ, վեհանձնութեամբ, առատաձեռնութեամբ եւ բազում զոհողութիւններով ու տքնաջան աշխատանքով, յաջողեցան իրենց տարիներու երազը իրականացնել»:
Գրպծ. Զապարեան այս առթիւ յայտնեց թէ Տիրամայր Նարեկի ժողովրդապետական եկեղեցւոյ օծումը կատարուած է 15 Մայիս 1983ին, ձեռամբ Վաստակաւոր Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Ամեն. Տէր Յովհաննէս-Պետրոս Գասպարեանի եւ մինչեւ այսօր հիմնադիրներու յաջորդները կը ջանան պահել եւ պահպանել Եկեղեցին, որպէսզի «մնայ վայրը ուր կը համախմբուին համայնքի հաւատացեալները աղօթելու, Աստուծոյ պաշտամունքը ընծայելու եւ կենարար Խորհուրդներն ընդունելու իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան»:
Իսկ Ժողովրդապետական եկեղցին, Գրպծ. Զապարեան կը համարէ այն վայրը՝ որ կը համախմբէ բոլոր հաւատացեալները մասնակցելու կիրակնօրեայ Պատարագին եւ կը վարժեցնէ քրինստոնեայ ժողովուրդը ծիսական կեանքի, ինչպէս նաեւ կը սորվեցնէ «Քրիստոսի փրկարար վարդապետութիւնը եւ կը կիրարկէ նաեւ Տիրոջ սէրը՝ բարի
եւ եղբայրական գործերով»:
Իր պատգամի աւարտին , հայր Զապարեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, ապա եկեղեցւոյ շինարարներուն որ կառուցեցին «այս նիւթական տաճարը իբրեւ խորհրդանիշ միասիրտ հաւատացեալներու ձայնակցութեան փառք եւ պատիւ ընծայելու Արարիչին»:
Յոբելեանական յիշատակութեան առթիւ, նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:00ին, մեծ հանդիսութեամբ ելոյթ ունեցաւ «Գառնի» պարային համոյթը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ՝ Լուդվիկ Բուլղադարեանի: