Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2011 - Կիրակնօրեայ խօսքը. Շնորհաւորութեամբ եւ շնորհակալութեամբ…

 

Սիրելի՛ ընթերցող, անտարակոյս կարդացիր դեկտեմբեր 5-ի «Ազդակ»-ը եւ հրճուեցար մեր օրաթերթին 84-ամեայ տարեդարձին առիթով անոր տպարանին ամբողջական վերանորոգութեամբ:

Այո՛, բերկրալի շնորհաւորութեամբ եւ սիրապարտ շնորհակալութեամբ ընդունելու ենք այս յոբելեանական թէ՛ իրողութիւնն ու թէ՛ իրագործումը:

«Շնորհաւորութիւն» ու «շնորհակալութիւն» բառերը եւ իմացութիւններն ոչ միայն հեռու չեն իրարմէ, այլ նաեւ կ՛ամբողջացնեն զիրար: Լեզուաբանին ուղիղ մեկնութեամբ` «շնորհ»-էն նորակերտ բառեր են` շնորհաւորութիւն եւ շնորհաւորական, շնորհակալութիւն ու շնորհակալական:

Բառակազմութեան մէջ` երկուքին արմատն է «շնորհ», որ իր կարգին, կու գայ «շէն» սկզբնարմատէն: Բառանշանակութեամբ` «շնորհ»-ի առաջին իմաստն է «ձրի բաշխուած պարգեւ»: Երկրորդը` «վայելչութիւն, գեղեցկութիւն»: Երրորդն է` «հաճութիւն, գոհունակութիւն»:

Շնորհաւորող եւ շնորհակալու անհատը օժտուած կ՛ըլլայ վայելչութիւն-ով ու գեղեցկութիւն-ով, մանաւանդ այս ժամանակներուն մէջ, ուր, կարծես, շատ զգալի է բացակայութիւնը անհաշիւ խնդակցողներու եւ անկեղծ երախտագէտներու:

Բարեբախտաբար երբեք յոռետես չեմ, բայց կը հաստատեմ, որ դժբախտաբար նուազագոյնի իջած է շնորհաւորողներու եւ շնորհակալուներու թիւը, որովհետեւ նախանձոտներու, անձնասէրներու, ինքնահաւաններու եւ եսակենդրոններու թիւը շատ աւելցած է առօրեային մէջ…

Շնորհաւորասացն ունի ներքին հաճութիւն-ը` իրմէ դուրս կատարուած դրական գործին հանդէպ, եւ շնորհակալասացը կը պարուրուի գոհունակութիւն-ով` թէ՛ իր անձէն ներս եւ թէ՛ յատկապէս ուրիշի կեանքին մէջ եղած հաստատական ձեռքբերումին նկատմամբ:

Այս ճշմարտութեան հաւատալի, ընդունելի եւ գործադրելի օրինակը կու տայ Յիսուս Քրիստոս Մարդաճանաչն ու Հոգեսէրը, իր առաքելագործ առօրեային ընթացքին դիպած դէպքերէն մէկուն մէջ (Ղկ. 17,11-19):

Տասը բորոտներուն թախանձանքին վրայ` մեր հրաշագործ «Յիսուս Վարդապետը» բժշկեց զանոնք: Սքանչելագործը շնորհատու հաճութեամբ արձակեց զանոնք: «Անոնցմէ մէկը … տեսնելով, թէ բուժուած է, վերադարձաւ` Աստուծոյ փառք տալով բարձրաձայն: Երեսը դէպի գետին` ինկաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց» (Ղկ. 17,15-16):

Քրիստոս անգամ ոչ միայն շէն դարձաւ  երախտապարտ ու շնորհակալասաց սամարացիէն, այլ նաեւ գովեց անոր երախտագիտութիւնն ու փառատրութիւնը` պախարակելով մնացեալ ինն բուժուածներուն ապերախտութիւնը:

Դեռ աւելի, այս անգամ իր կողմէն իբրեւ բացայայտ գնահատանք եւ շնորհակալութիւն` Յիսուս վարձատրեց մարմնապէս առողջացեալը հոգեկան բուժումով.«Ոտքի ե՛լ եւ գնա՛, հաւատքդ փրկեց քեզ» (Ղկ. 17,19):

Յստակ է տրուած դասը: Շնորհակալութիւնը մարդկային բարեմասնութիւն չէ միայն, այլ նաեւ աստուածային արարք է, առաքինութիւն է:

Յիսուս Քրիստոս, ԱստուածաՄարդը, ուզեց եւ փնտռեց երախտագիտութիւնը: Յիսուս Քրիստոս, ԱստուածաՄարդը, նաեւ գոհութիւն ու շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ իր Հօր եւ թէ՛ մարդուն:

Այս դրուագին անդրադառնալով` Ս. Գրիգոր Նարեկացի կը շեշտէ կարեւորութիւնը երախտագիտութեան: Շնորհապարտ սամարացին «ստացաւ զլուսաւորութիւն եւ զյաւիտենական կեանսն»: Շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ եւ մարդուն` կ՛աւելնայ մեր սէրը երկուքին հանդէպ: Շնորհակալասացը միշտ կ՛արժանանայ «յաստուածային բերանոյ գովութեանցն»:

Այս խոհերով առլցուն ու ճշմարտութիւններէն թելադրուելով` նախ սորվինք եւ սորվեցնենք ըլլալ ու մնալ շնորհաւորող եւ շնորհակալու: Երկրորդ` դուն եւ ես սրտանց կը շնորհաւորենք «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքն ու բարերարները, որոնց կը յայտնենք մեր սրտաբուխ եւ աւետարանական շնորհակալութիւնը:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 6 դեկտեմբեր 2011


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ