Զմմառ
Երեքշաբթի 27 նոյեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Զմմառու վանք այցելեց Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ՝ Պր. Սերժ Սարգսեանն ու իր Տիկինը, նաեւ իրենց հետ ընկերակցող հայկական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր՝ Սփիւռքի նախարարուհի Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան, արտաքին գործոց նախարար Պր. Էդուարտ Նալբանդեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Պր. Աշոտ Քոչարեան եւ այլ պետական անձնաւորութիւններ:
Վանքի մուտքին, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան մեծ շուքով ընդունեցին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, վանքի մեծաւոր հօր գերապայծառ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանը, հայ կաթողիէ Եկեղեցւոյ սիւնոդասական հայրերը, Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ արքեպիսկոպոս Կապրիէլէ Քաչչան, լիբանանահայ երեսփոխանները, վանքին վանական հայրերն ու ժառանգաւորները, ինչպէս նաեւ Հ.Կ.Մ. Զալքայի շեփորախումբը:
Ապա նախագահ Սերժ Սարգսեան իր պատուիրակութեան հետ ուղղուեցաւ վանքի պատրիարքական մեծ դահլիճ, ուր ողջոյններու փոխանակութիւն տեղի ունեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ, Պր. Նախագահին եւ Մեծաւոր հօր միջեւ, որմէ ետք Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբը կոմիտասեան մեղեդիներով ներկայացաւ հիւր պատուիրակութեան: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վանքի Մշակոյթի Կեդրոնի եւ վերանորոգ Մատենադարանի նոր սրահներու հանդիսաւոր բացումը:
Հանդիսութեան սկիզբը, Զմմառու վանքի մեծաւոր գերպծ. Հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան յայտնեց, որ Զմմառու պատրիարքական միաբանութիւնը գոյատեւելու համար կը կարօտի մայր հայրենիքի հոգիին ու շունչին: Ան ըսաւ. «Լիայոյս ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մեր միաբանութեան միջեւ այս հոգեւոր ու մշակութային փոխյարաբերութիւնները զարգանան ու ամրապնդուին եւ մեր միաբանութիւնը բախտաւորութիւնը ունենայ հայրենի հողերուն վրայ գրանցուելու ձեր նախագահութեան օրերուն»:
Ապա ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ողջունեց նախագահ Սարգսեանը եւ բարձր գնահատեց Հայաստանի իշխանութիւններուն ջանքերը` ծառայելու թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ սփիւռքին: Ան նշեց, որ երկու ամիս առաջ Զմմառու վանքը արժանացաւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի բարձր գնահատանքին, որ վանքին ընդմէջէն ուղղուած էր համայն հայութեան: «Այս գնահատանքները անփոխարինելի պարգեւատրումն են հայ կաթողիկէ Զմմառեան միաբանութեան քրիստոնէական եւ ազգային վաստակին», ըսաւ Հոգեւոր Տէրը: «Պարո՛ն նախագահ, ձեր այցելութիւնը Հայաստանի եւ Զմմառու վանքին միջեւ նետուած կամուրջ մըն է, որ կը զօրացնէ մեր հաստատութիւնը` գործելու ի խնդիր Հայաստանի եւ հայկական պետականութեան հզօրացման», շեշտեց ան: Իր խօսքին աւարտին, Հոգեւոր Տէրը նախագահ Սարգսեանը պարգեւատրեց Յակոբ Մեղապարտի մանրաքանդակով:
Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը իր կարգին ողջոյնի խօսք մը ուղղեց: Ան արժեւորեց լիբանանահայութեան ջանքերը` պահպանելու համար ազգային հայկական աւանդը, մշակոյթն ու ձեռագիրները` աւելցնելով, որ լիբանանահայութիւնը մշտապէս դրսեւորած է յարատեւելու իր աննկուն յատկանիշը: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ հայ ժողովուրդը իր բազմադարեան պատմութեամբ ունեցած է փառահեղ յաղթանակներ, մշակութային զարթօնքի, ինչպէս նաեւ ֆիզիքական գոյութեան պայքարի մաքառումներ: «Գոյատեւման պայքարը ինքնին հերոսական է, բայց նաեւ կը համակուիս հպարտութեան զգացումով, երբ կը գիտակցիս, որ հայը ամէնուր կրցած է բարիք ու արժանիք ստեղծել», ըսաւ նախագահը: Ան հայ ժողովուրդին անսպառ վերելք մաղթեց` ազգային երազներու իրականացման ճամբուն վրայ, ինչպէս նաեւ յարատեւութիւն մաղթեց` ձեռք բերուած արժէքները սերունդէ սերունդ փոխանցելու եւ յարատեւ հարստացնելու գործին մէջ:
Հանդիսութեան աւարտին վանքի մեծաւոր հայրը եւ Հայաստանի Մաշտոց Մատենադարանի տնօրէնը ստորագրեցին համագործակցութեան համաձայնագիր մը: Ապա ներկաները ուղղուեցան վանքի գինեմարանը, ուր հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ: