Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2012 - Տէր Մաշտոց (Հրայր) սրկ. Զահթէրեանի քահանայական ձեռնադրութիւն


Պէյրութ

Շաբաթ, 14 ապրիլ 2012, երեկոյեան ժամը 5-ին, տեղի ունեցաւ Զմմառու միաբան՝ Մաշտոց (Հրայր) սրկ. Զահթէրեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը ձեռամբ՝ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, Պէյրութի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Այս առթիւ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

«Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք
Գերյարգելի եւ Գերապատիւ վարդապետներ եւ Արժանապատիւ քահանաներ
Յարգոյապատիւ սարկաւագներ
Առաքինազարդ քոյրեր
Պատուարժան հաւատացեալներ
եւ յատուկէն խօսքս քեզի՝ սիրելի Տէր Մաշտոց,

 Մեծ ուրախութիւն է Պատրիարքական Աթոռին համար ունենալ նոր առաքեալ մը՝ յանձին Տէր Մաշտոց Զահթէրեանի։
Արդարեւ, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը, որ աստուածային նախախնամութեամբ հիմնուեցաւ մօտ 260 տարի առաջ Պատրիարքներու նախաձեռնութեամբ, անընդհատ կերպով առաքեալներ կը պատրաստէ մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովուական կարիքները հոգալու համար, ապահովելով եկեղեցական ներկայութիւն սակաւաթիւ կղերականներով օժտուած թեմերու, ինչպէս նաեւ եւ մանաւանդ՝ նորանոր առաքելավայրերուն մէջ հիմնելու ժողովրդապետութիւններ եւ այլ եկեղեցական կառոյցներ։
 Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս մեր աղօթքները կը լսէ եւ ամէն ատեն անձնուէր ու քաջ երիտասարդներ կ՚ընտրէ շարունակելու համար մեր հայ ժողովուրդին ի նպաստ Աւետարանումի գործը, որուն հիմը դրաւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը Դ. դարուն եւ որ կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը։ Յիրաւի, քահանայական կոչումը յատուկ կոչ մըն է Աստուծոյ կողմէ եւ ոչ մարդկային փափաքի կամ ծրագիրի արդիւնք։
Այս իմաստով, իր նշանաւոր «Թուղթ Ընդհանրական»-ին մէջ, մեծ Հայրապետը սուրբ Ներսէս Շնորհալի խօսքը կ’ուղղէ քահանաներուն ըսելով. «Այս ալ իմացէ՛ք, ձեր քահանայութեան անուանակոչումը մարդոցմէ չէ, ոչ ալ մարդու միջոցաւ, այլ՝ անկէ որ կոչուեցաւ Քահանայ։ Ան ձեզի տուաւ իր անուան կոչումը, միաժամանակ ձեզի յանձնարարեց իր գործը, որ է հովուել իր ժողովուրդը՝ միշտ բարի գործեր սորվեցնել եւ բարի օրինակ հանդիսանալ բոլորին»։
Տէր Մաշտո՛ց, դուն ընտրեցիր քու քահանայական կեանքիդ համար իբր տիպար եկեղեցական Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը, որ, Աստուծոյ խօսքը հայ ժողովուրդին հասկնալի դարձնելու համար, տարիներ աշխատեցաւ, ճամբորդութիւններ կատարեց, տքնեցաւ եւ ճգնեցաւ, որպէսզի յարմար այբուբեն մը հնարէ եւ հայերէն լեզուի թարգմանէ Աստուածաշունչը։ Այս վսեմ գործը Մաշտոցը յաջողութեամբ աւարտեց Սահակ Կաթողիկոսի եւ Վրամշապուհ թագաւորի հովանաւորութեամբ, եւ իրմէ պատրաստուած խումբ մը աշակերտներու գործակցութեամբ: 
Մաղթանքս է որ սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հոգիով դառնաս վաստակաւոր հոգեւորական մը, որուն միակ մտահոգութիւնը ըլլայ Աստուծոյ խօսքը քարոզել մեր ժողովուրդին, դիւրամատչելի կերպով անոնց ուսուցանելով քրիստոնեայ ճշմարիտ եւ ուղիղ վարդապետութիւնը։ Նկատի պէտք է ունենաս մեր հաւատացեալներուն շրջապատող բազմաթիւ վտանգները եւ թիւր գաղափարները, որ յառաջքը առնես որպէսզի անոնց հաւատքը չսայթաքի։ Այս նպատակին հասնելու համար, պարտիս զինուիլ աղօթքով եւ աստուածային երկիւղածութեամբ՝ յարմարագոյն միջոցները ձեռք ձգելու, ի միջի այլոց՝ բարեպաշտ աշխարհականներու գործակիցներ պատրաստել, նման սուրբ Մաշտոցին, որպէսզի առաքելական գործդ աւելի պտղաբեր դառնայ։ Չմոռնաս որ քահանային առաջնահերթ գործն է Յիսուսին գթառատ սէրը մարդոց ճանչցնել, մարդիկը Յիսուսին մօտեցնելու դիտաւորութեամբ։
 Ժողովուրդին համար, քահանան Յիսուսին ներկայացուցիչն է։ Ան տեսանելի պատկերը պէտք է ըլլայ Յիսուսի անտեսանելի ներկայութեան, ինչպէս մեզի օրինակը տուաւ Արսի ժողովրդապետը։ Աւետարանիչը կը պատմէ որ օր մը, մէկ քանի հեթանոսներ Փիլիպպոս առաքեալին ըսին. «Տէ՛ր, կը փափաքինք Յիսուսը տեսնել» (Յովհ. 12,21)։ Այս նոյն խնդրանքը, քիչ թէ շատ, իր սրտին մէջ ունի ամէն անձ որ կը դիմէ քահանային՝ անոր միջոցաւ Յիսուսին խօսքը լսելու փափաքով։
Քահանան աղօթքի մարդ պէտք է ըլլայ, այսինքն պարտի նախ եւ առաջ Յիսուսին դիմել որեւէ գործ մը կատարելէ առաջ, որպէսզի այդ գործը կատարուի Աստուծոյ կամքին համաձայն եւ միայն Անոր փառքին համար։ Քահանան որ իր օրը աղօթքով կը սկսի եւ Յիսուսին հետ ամփոփումի ժամանակ կ՚անցնէ, կը յաջողի գործին նախընտրութիւնները դասաւորել։ Ան շուտով կ՚անդրադառնայ, որ կարգ մը անհրաժեշտ համարուած գործեր՝ այդքան ալ կարեւոր չեն։ Այսպէս, քահանան իր ժամանակը կը խնայէ՝ աւելի կարեւոր պարտականութիւններուն պարապելու համար։
Քահանային կարեւորագոյն մտահոգութիւններէն մին պիտի ըլլայ կոչումներուն հարցը, որովհետեւ մեր Եկեղեցիին հովուական կարիքները շատ շատ են եւ ներկայ քահանաները ամբաւարար են ընդառաջելու մեր բազմաթիւ կարիքներուն, յատկապէս Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսաստանի հսկայական առաքելավայրերուն համար։ Ձեզմէ՝ բոլորէդ կը խնդրեմ որ յաճախ աղօթէք կոչումներուն դիտաւորութեան համար, Յիսուսի պատուէրին համաձայն, որ ըսաւ. □Աղաչեցէ՛ք հունձքի Տիրոջ որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար□ (Մտթ. 9,38)։
Եթէ սրբութիւնը ամէն քրիստոնեային կոչումն է, ան յատուկ կերպով քահանային նախասիրութիւնը պէտք է դառնայ, որպէսզի հաւատացեալները անկէ օրինակ առնեն եւ հետեւին Յիսուսի յորդորին, որ ըսաւ. «Դուք ուրեմն կատարեալ եղէ՛ք, ինչպէս կատարեալ է ձեր երկնաւոր Հայրը» (Մտթ. 5,48)։ Մենք գիտենք որ Յիսուս մեզմէ անկարելի բան չի խնդրէր։ Ինքն է որ պիտի կատարէ մեր սրբութիւնը, ինչպէս որ կատարեց բոլոր անոնց որոնք իրեն ապաւինեցան եւ որոնք մեզ կանխեցին երկինք։
Ջերմագին մաղթանքներս Զմմառեան Պատրիարքական Միաբանութեան կը ներկայացնեմ, Զմմառու Վանքի մեծաւոր Գերապայծառին եւ յարգոյ Զմմառեան միաբաններուն։ Տիրոջմէ կը հայցեմ որ օրհնէ այս աստուածահաճոյ Միաբանութիւնը, զայն ճոխացնէ նոր անդամներով եւ զանոնք օժտէ եռանդով ու նուիրումով մեր Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
Նոյնպէս կը շնորհաւորեմ Զահթէրեան ընտանիքը եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց զաւակները ուրախութեամբ Աստուծոյ կը նուիրեն Եկեղեցւոյ ծառայութեան համար։ Անոնք Աստուծմէ յատուկ օրհնութեան արժանի կ՚ըլլան։
Սիրելիներ, խօսքս կը փակեմ ձեզմէ խնդրելով, որ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշէք ձեր առաջնորդները ու զօրաւիգ կանգնիք ձեր հոգեւոր հովիւներուն, եւ յատուկէն Տէր Մաշտոցին, որպէսզի արդիւնաշատ առաքելութիւն կատարէ Յիսուսի սրտին համեմատ։
Տէր Մախտո՛ց, թող Երանելի Կոմիտաս քահանան եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան նահատակները, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր սուրբերը, յատուկէն՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, քեզի համար բարեխօս ըլլան Աստուծոյ առջեւ եւ քեզ սրբութեան առաջնորդեն. Ամէն»։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ