Լիբանան
Չորեքշաբթի՝ 5 Սեպտեմբեր 2007ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, այցելեց պաշտպանութեան նախարարութիւն՝ ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան բանակի հրամանատար՝ զօր. Միշէլ Սլէյմանին հետ: Հանդիպման ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց բանակը Ֆաթհ Իսլամի դէմ արձանագրած յաղթանակին եւ գաղթակայանին վրայ ամբողջական հակակշիռ հաստատելուն համար: Ան յիշատակը վեր առաւ նաեւ բոլոր նահատակ զինուորնեուն, որոնք իրենց արեան եւ կեանքին գնով պաշտպանեցին Հայրենիքը յանուն ժողովուրդի ու երկրի ապահովութեան:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ վերջին շրջանին բանակի խոհեմ որոշումներուն եւ կեցուածքին մասին, հաստատելով թէ բանակը երաշխիքն է ազգային միասնականութեան, որուն կարիքն ու անհրաժեշտութիւնը ունի Լիբանանը աւելի քան երբէք..
Իր կարգին, զօր. Միշէլ Սլէյման շեշտեց թէ այս յաղթանակը անկարելի պիտի ըլլար առանց ազգային բանակի հանդէպ Լիբանանի ժողովուրդի ցուցաբերած վստահութեան եւ կառչածութեան:
Ներկաները նաեւ յուսացին համախմբուիլ քաղաքական համախոհական լուծման մը շուրջ, դիմադրելու բոլոր անոնց որանք կը ջանան Լիբանանի ապահովութիւնը խախտել եւ անոր կայունութիւնը հարուածել:
Ալցելութեան աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը զօր. Միշէլ Սլէյմանին հրաւիրեց մասնակցելու Ս. Պատարագին եւ յանուն Լիբանանի զոհուած նահատակ զինուորներուն հոգիներուն ի յիշատակ հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ 22 Սեպտեմբեր 2007ին կէսօրէ ետք ժամը 6:00ին, Աշրաֆիէի Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ:
Պատարագը պիտի մատուցանէ Պատրիարքական Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան: