Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2008 - Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կը Մասնակցի Քահանայապետական Միջ-կրօնական Երկխօսութեան Ժողովին

Հռոմ, Իտալիա

Ինչպէս յաղորդուած էր նախորդ լուրերուն մէջ, որ Ամեն. Տէր Ներսէս Պերտոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը պիտի մեկնի Հռոմ մասնակցելու Քահանայապետական Միջ-կրօնական Երկխօսութեան Ժողովին: Այս հանդիմումներու ծիրէն ներս, Շաբաթ՝ 8 Յունիս 2008ին, Սրբազան Քահանայպետ՝ Բենեդիկտոս ԺԶ. ընդունեց մասնակից հայրերը միջ-կրօնական եզրափակիչ ժողովին:
Այս առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց թէ կրօնական համագործակցութիւնը առիթը կ՛ընծայէ արտայայտելու ամենավսեմ իտէալները իւրաքանչիւր կրօնական աւանդ‎ութեան: Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ թէ տարբեր կրօնքներու պատկանող մարդոց կը միացնէ սէրը մարդկութեան հանդէպ եւ մարդասիրական աշխատանքները՝ ինչպէս օգնել հիւանդները, կարիքաւորներն ու տարեցները եւ նաեւ նեցուկ կանգնիլ բնական աղէտներու եւ բոլոր տեսակի բռնութեան զոհերուն:
Աւելցնելով, Բենեդիկտոս Քահանայապետը ըսաւ թէ միջ-կրօնական երկխօսութիւնը պէտք է ըլլայ հաւատքի ճանապարհ մը, որուն հետեւողները եւ հաւատացողները պէտք է լաւապէս տեղեակ ըլլան իրենց եւ ուրիշներու հաւատքէն:  
   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ