Շաբաթ, 28 Փետրուար 2009 - Վարդանանց Տօնակատարութիւն Գ. Հարպոյեան Վարժարանէն Ներս

Լիբանան

 
Չորեքշաբթի 18 Փետրուար, 2009ի յետմիջօրէին, Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ Պետողլեան սրահին մէջ, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան Գ. Հարպոյեան
 
Բարձր. վարժարանի աշակերտները պատշաճ հանդիսութեամբ նշեցին Վարդանանց հերոամարտը:
Աշակերտները՝ զինուած Վարդանի, Վահանի ու Ղեւոնդ Երէցի մարտաշունչ ոգիով, յոտնկայս երգեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանի հայագիտական նիւթերու համադրող՝ Տիկ. Պայծիկ Գալայճեանը, որ ողջունեց օրուան պատգամաբեր Պրն. Արամ Սեփեթճեանը, վարժարանի տնօրէնուհին, յարգելի ուսուցչակազմը եւ շատ սիրելի աշակերտութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ «բոլորս մէկտեղուած ենք հոս միասնաբար ոգեկոչելու համար Վարդանանք հերոսներու արժանավայել նահատակութեան տօնը: 1558 տարիներ անցած են այն օրէն, երբ հայ ժողովուրդը, առաջնորդութեամբ հայ կղերին ու Վարդան սպարապետին երդուեցին հաւատարիմ մնալ իրենց քրիստոնէական ուխտին: Այսօր այդ ուխտը վերանորոգելու համար է որ հոս մէկտեղուած ենք բոլորս»:
Օրուայ հանդիսութեան գեղեցիկ անակնկալն էր մանկապարտէզի աշակերտներուն մասնակցութիւնը: Անոնք նախ խմբային արտասանութեամբ ներկայացուցին Վարդանի պատմութիւնը, ապա մանկական արտասանութիւններով ու երգերով ճոխացուցին օրուան ատենամարզանքը:
Նախակրթարանի Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները, առաջնորդութեամբ Օրդ. Թամար Յակոբեանի, ներկայացուցին «Վարդանանք» քերթուածներու համադրում մը, որմէ ետք Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները, Տիկ. Սիրանի գլխաւորութեամբ երգեցին «Իմ Հայրենեաց» եւ «Վարդան Քաջ եւ Սիրելի» խմբեր•ները:
Օրուան խորհուրդը փոխանցելու համար, Տիկ. Պայծիկ բեմ հրաւիրեց Պրն. Արամ Սեփեթճեանը, որ սփիւռքահայ իրականութենէն ներս որպէս արձակագիր, հրապարակագիր եւ խմբագիր կը ներկայանայ ուրոյն հեղինակութեամբ: Պրն. Սեփեթճեան նախ շնորհաւորելէ ետք օրուայ բոլոր ելոյթ ունեցողները ի մասնաւորի մանկապարտէզի գեղեցիկ փունջը, ան մատչելի ոճով մը անդրադարձաւ Վարդանանաց ազգային տօնի իւրայատկութեան մասին, որ պատմութեան այլ դէպքերէն եւ դէմքերէն կե տարբերէր իր պատմական նշանակութեամբ: Ան ակնարկելով նախնեաց հերոսներու խրոխտ գործունէութիւններուն՝ «Ոմանց համար առասպել կը թուին հին հերոսները, սակայն այսօր, մենք որպէս անոնց շառաւիղը՝ մենք իբրեւ մարդ արարած, մեր հոգիի կերտման ակունքը կը համարենք Վարդանանք դիւցազնամարտի ոգին, որովհետեւ ան ծնունդն էր մաշտոցեան գիւտին, որ պատմութեան առջեւ մեզի տուաւ մեծ պատիւը հայօրէն գոյատեւելու, հայերէն գրելու ու հայերէն խօսելու»:
Պրն. Սեփեթճեան անդրադառնալով Վարդանանցի պատմական արժեւորման յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը 451 թուին երբ Յազկերտի կողմէ ղրկուած սպառնալիքները ստացաւ, չսասանեցաւ. այլ խղճի ազատութեան հետ անչելով միահամուռ պատգամեց՝ «Ազատութիւն կամ մահ»:
«Անոնք միասնաբար ո՛չ ըսին թշնամիին, ո՛չ ըսին բռնատիրութեան, քաջ գիտնալով, որ անհաւատ կռիւի պիտի մասնակցէին, սակայն անոնք գերադասեցին հաւատքի եւ ազգի արժանապատուութիւնը»:
 
Օրուան խորհուրդը ըմբոշխնելէ ետք, Գ. եւ Դ. դասարանի աշակերտները «Քաջ Վարդանի երգ»ով ելոյթ ունեցան, որմէ ետք Զ. եւ Է. դասարանի
 
աշակերտները Տիկ. Պայծիկի առաջնորդութեամբ ներկայացուցին երաժշտական կենդանի պատկեր մը բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» քերթուածով, որ մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Յետ հանդիսութեան, վարժարանի տօնրէնուհի տիկ. Ռիթա Պօյաճեան յաւուր պատշաճի նախ շնորհաւորեց օրուան բանախօսը, ապա իր գնահատական խօսքը փոխանցեց աշակերտներուն. «Թէեւ դարեր անցած են Վարդանանց ճակատամարտի օրերէն, սակայն այսօր ձեր ներկայութիւնը հոս, հայ դպրոցէ ներս, կու գայ փաստելու, թէ ձեր լեզուն, գիտելիքները եւ ոգին ոչ միայն հայկական է այլեւ քրիստոնէական»: Ան շնորհաւորելէ ետք Վարդան անունը կրող բոլոր աշակերտները, ան յարգանօք յիշեց նաեւ Կաթողիկէ համայնքի Գերապայծառ՝ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան, գեր. հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, վարժարանի մատակարար Պրն. Վարդան Լաօն եւ « Թռիչք»ի պատասխանատու՝ Վարդան Թաշճեան  :
Յաւարտ հանդիսութեան, ներկաները՝ Տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, աշակերտներ եւ ծնողք դուրս եկան սրահէն յագեցած Վարդանանց ոգիով ու պատգամով, խոստանալով ըլլալ Վարդանանց հերոսներու արժանաւոր ժառանգորդները:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ