Երեքշաբթի, 25 Յունուար 2011 - Ցաւակցութիւններ Գասպարեան հոգեւոր տիրոջ մահուան համար

 

Պէյրութ

 

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ շարունակուեցան ցաւակցութիւնները լուսահոգի Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս-պատրիարքին մահուան համար։ Այնուհետեւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին՝ Լիբանանի հանրապետութեան մուֆթիի ներկայացուցիչ, Տըրզի համայնքապետի ներկայացուցիչ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի ներգին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ, նախկին պետական երեսփոխաններ՝ Նաժի Պուսթանի, Քարիմ Բագրատունի, Շահէ Պարսումեան, Միշէլ Սէսին, Սոլանճ Ժմէյլ, Իրանի դեսպանատան ներկայացուցիչ, ազգային մամլոյ սպասարկութեան տնօրէնուհի Լոր Սլէյման, մարոնիթ խորհուրդի եւ դրամանատուններու խորհուրդի նախագահ Ժոզէֆ Թարապայ, վարչապետ Հարիրիի խորհրդատու Տաուտ Սայէղ, սուրբ Յովսէփ համալսարանի տնօրէն հայր Րընէ Շամմուսի, Քարիդաս Լիբանանի նախագահ հայր Ժոզէֆ Սէմահա, կաթողիկէ մամլոյ կեդրոնի տնօրէն հայր Ապտօ Ապու Գասամ, Դամասկոսի թեմի մարոնիթ առաջնորդ Սամիր Նասսար, հայր Պութրոս Աազար, Պաապտայի Անտոնեան համալսարանի նախագահ, Ռուսիոյ դեսպանատան առեւտուրի կցորդ Էկոր Պրութոճին եւ լիբանանեան ուժերու ընդհանուր քարտուղար Քաթիշա։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ