Վատիկան
Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը, ըստ Սուրբ Աթոռի պաշտօնական բանբեր «Օսսերվաթորէ Րոմանօ» օրաթերթի կիրակի 22 մարտի թիւին, անուանեց գերյարգելի տէր Յովսէփ ծ. վ. Պէզէզեանը, առաքելական կառավարիչ Յունաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան համար, առանց եպիսկոպոսական կարգի տուչութեան: