Վատիկան
Ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 47-րդ օրուայ` Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի պատգամի նիւթն է «Հասարակական ցանցեր. ճշմարտութեան ու հաւատքի դռներ, աւետարանութեան նոր վայրեր»։
Պատգամը պիտի հրատարակուի յառաջիկայ 24 յունուար 2013-ին լրագրողներու պաշտպան` Սուրբ ֆրանչէսկոս Սալէսի (1567-1622) տօնին օրը։
Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու քահանայապետական խորհուրդի` 29 սեպտեմբերին, հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ վերոյիշեալ նիւթը կապակցութիւն ունի Բենեդիկտոս ԺԶ-ի կողմէ հռչակուած Հաւատքի տարւոյն հետ, որուն բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ 11 հոկտեմբեր 2012-ին։
Ընկերային հաղորդամիջոցներու խորհուրդի գնահատումով հարկ է հարցադրել «արուեստագիտական աշխարհի միտումներու մասին, օգնելու համար այրերն ու կիները հանդիպելու Քրիստոսի հաւատքին մէջ»:
Ընկերային Հաղորդամջոցներու Համաշխարհային Օրը միակ հաստատուած համաշխարհային օրն է Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի կողմէ, 1963-ին։
http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=625789