Ուրբաթ, 28 Փետրուար 2014 - Վարդանանց սուրբ Պատարագ «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ
Պէյրութ
Հինգշաբթի, 27 փետրուար 2014, երեկոյեան ժամը 7-ին, Աշրաֆիէի «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ Պատարագ Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, նախագահութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ հանդիսադրութեամբ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի: Պատարագին մասնակցեցան արհի. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան, «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետներ՝ հայր Պերճ վրդ. Սապէհ եւ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներ եւ Աշրաֆիէի ՀԿՄ Պատանեկան միութիւնը:
Օրուան քարոզին մէջ, ժողովրդապետ հայրը անդրադարձաւ Վարդանանց խորհուրդին, նշելով Վարդան սպարապետին եւ իր զինակիցներուն մօտ նուիրական ոգին ու հզօր հաւատքը:
Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ ժողովրդապետ հայրը իր անուանակոչութեան առիթով շնորհաւորութիւնները ընդունեցին պատրիարքարանի սրահին մէջ:
|