Զալքա
Հինգշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2012-ը Ամենայն Սրբոց տօնն էր: Վարժարանիս աշակերտութիւնը այս յատուկ օրուան առիթով դպրոց եկած էր իւրաքանչիւրը իր նախասիրած հագուստներով՝ նշելու այս տօնական առիթը, եւ առաւօտուն մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին, զոր մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց գերապատիւ հայր Անդրանիկ ծ.վրդ. Կռանեան: Քարոզին մէջ վարդապետը նշեց, որ «այսօր տօնն է բոլոր սուրբերուն, որոնց մէկ մասը կը ճանչնանք, իսկ միւս մասը անծանօթ է մեզի: Բոլոր ազգերը ունին սուրբեր, հայերն ալ իրենց կարգին, եւ մեր 1.5 միլիոն զոհերը սուրբեր են, որոնց տօնն է այսօր»:
Կռանեան վարդապետին խօսքով, սուրբերու տօնը Յիսուսի համար զոհուածներուն տօնն է, եւ հայ սուրբերը՝ հպարտ իրենց քրիստոնէութեամբ, հպարտ հայ եկեղեցւոյ պատկանելիութեամբ, սրբացան ի սէր Քրիսոտոսի, ինչպէս Լուսաւորիչը, Նարեկացին, Մեսրոպ Մաշտոցը, Ներսէս Շնորհալին եւ շատ ուրիշներ:
Գերապատիւ վարդապետը այս առիթով խրախուսեց աշակերտները` ապաւինելու Աստուծոյ եւ խնդրելու Իրմէ, որ մեզի տայ շնորհքը սուրբերու նման ապրելու, սուտ չխօսելու, նախանձ չըլլալու, չծուլանալու, իրար օգնելու եւ հեռու մնալու այն ամէն ինչէն, որ գէշ է: Վարդապետը մղեց աշակերտները անհատական եւ հաւաքական աղօթքներով շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ, որ ծնած են հայ քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ եւ կը յաճախեն դպրոց մը, ուր կրօնական նիւթերու ուսուցման կողքին աշակերտները շաբաթական դրութեամբ կը մասնակցին Սուրբ Պատարագի, որուն ընթացքին իրենց մօտ կը թրծուի քրիստոնէական հաւատքը:
Հայր Կռանեան քարոզը եզրափակեց քաջալերելով աշակերտները հետեւելու մեր սուրբերու քալած ճանապարհին, ապրելու ճշմարիտ քրիստոնեայի կեանքը եւ դառնալու Աստուծոյ հաճելի զաւակներ:
Պատարագի աւարտին աշակերտներուն բաժնուեցաւ հայր Կռանեանի պատրաստութեամբ դիւրըմբռնելի բացատրութեամբ թղթիկներ, որուն մէջ ան շեշտը դրած է այն հարցումներուն վրայ, թէ որո՞նց տօնը կը նշենք այս առիթով, ո՞վ է սուրբը, արդեօք մենք ալ կրնա՞նք սուրբ ըլլալ եւ ո՞վ կ’օգնէ մեզի՝ սուրբ ըլլալու: Ան կը նշէ, թէ «այսօր բոլոր սուրբերուն տօնը կը նշենք, առանց խտրութեան, որ ազգութեան ալ պատկանին անոնք: Սրբութիւնը ազգութիւն չի ճանչնար եւ ամէնուն համար է: Սուրբը ան է, որ Աստուծոյ պատուիրաններուն ամէնէն հաւատարիմ գործադրողը եղած է եւ Անոր կամքը հաւատարմօրէն կատարած է: Իսկ մենք, սուրբ ըլլալու համար, նախ պէտք է ուզենք սուրբ ըլլալ, քանի որ կրնանք ըլլալ, պայմանաւ որ Աստուծոյ կամքը կատարենք, որմով արքայութեան դռները կը բանանք մեր առջեւ: Սուրբ ըլլալու համար մեզի կ’օգնէ եկեղեցին, մեր դպրոցի կրթութիւնը, մեր ծնողները, մեր խիղճը եւ ամէնէն առաջ մեզի կ’օգնէ Աստուած եւ բոլոր սուրբերը: Առանց Աստուծոյ շնորհքին՝ սուրբ չենք կրնար ըլլալ եւ աղօթքն է այդ շնորհքը ընդունելու բանալին»:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ