Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2015 - Պապը կը քննադատէ գերտէրութիւններու ընթացքը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին

 

Վատիկան

Վկայակոչելով Times.com-­ը, «Արմենփրես»­ը  կը հաղորդէ որ  Ֆրանչիսկոս  Սրբազան Քահանայապետը իր կիրակնօրեայ Պատարագին ժամանակ մեղադրած է աշխարհի գերտէրութիւնները 20­-րդ դարի ընթացքին աշխարհի մէջ տեղի ունեցած կոտորածները կանխել չկարենալնուն համար:

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անդրադարձած է, ըստ վկայութեան, Հայոց ցեղասպանութեան մասին, Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն, ինչպէս նաեւ ստալինեան վարչակարգի ժամանակաշրջանի մեծաթիւ զոհերու փաստին, որոնց նկատմամբ գերտէրութիւնները կը շարունակէին այն ժամանակ լուռ մնալ:

«Նախորդ դարի ընթացքին այնքան շատ, միլիոնաւոր հայեր մահացան: Սակայն ո՞ւր էին գերտէրութիւններն այդ ժամանակ»,­ ըսած է  Պապը: Ան ընդգծած է, որ կը հասկնայ ներկայիս երիտասարդները, որոնք կը դժուարանան վստահիլ աշխարհին: Անդրադառնալով Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Լեհաստանի մէջ ստեղծուած մահուան ճամբարներուն` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նշած է. «Գերտէրութիւնները ունէին լուսանկարիչներ այն երկաթուղային գիծերուն, ուրկից գնացքները կը տանէին մարդիկը Աուշվից` սպաննելու համար հրեաները, քրիստոնեաները, համասեռամոլները, բոլորը: Ինչո՞ւ անոնք չէին ռմբակոծեր այդ ուղիները»:

Խօսելով ստալինեան ժամանակաշրջանի մասին, Պապը արձանագրած է նաեւ այդ տարիներուն մեծ թիւով զոհերու փաստը: Ան նշած է, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ ամէն բան կը կատարուի դրամի  համար: Ֆրանչիսկոս քննադատած է բոլոր անոնք, որոնք կը խօսին խաղաղութեան մասին, սակայն զինամթերք կ'արտադրեն կամ կը վաճառոեն :

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ