Այնճար
Երջանկայիշատակ Հայր Վարդան եպիսկ. Աշգարեանի վախճանման առաջին տարելիցը նշուեցաւ 28 Յուլիս 2013, կիրակի, Այնճարի «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ, հայաւանի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեանին կողմէ մատուցուած սուրբ Պատարագով, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ լուսահոգի Գերապայծառի դամբարանին օրհնութիւնը նախագահութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի ներկայացուցիչ արհի. հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեանին:
Եկեղեցական արարողութեանց՝ Աշգարեան ընտանիքի անդամներու կողքին ներկայ էին Այնճարի քահանայ հայրերը, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, հայաւանի կազմակերպութեանց , ազգային մարմիներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, լուսահոգի Գերապայծառին գործակից կրթական մշակներ եւ մտաւորականներ:
Յընթացս սուրբ Պատարագին արտասանած քարոզին մէջ, հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան արժեւորումը կատարեց գերապայծառ Աշգարեանի յիսնամեայ վաստակին իբրեւ հոգեւորական, գրող, կրթական մշակ, մշակոյթի գործիչ եւ մանաւանդ իբրեւ «աշակերտասէր»:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան գերեզմանատուն, ուր տեղի ունեցաւ հանգուցեալ գերապայծառ Աշգարեանին դամբարանին օրհնութիւնը:
Հուսկ, Այնճարի ՀԿԵՄ.ի «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գերապայծառի յիշատակին առիթով կազմակերպուած հոգեճաշ մը, որուն մասնակցեցան հոգեւոր հայրերը, պաշտօնական մարմիններու ներկայացուցիչները, գերապայծառ Աշգարեանի ընտանեկան հարազատները եւ մօտիկ գործակիցներ: