Երեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2014 - Քոպանէն եւ հայերը, պատմական վկայութիւն մը

 

Մուսթաֆա Պաքեր՝ 64 տարեկան սուրիացի  քիւրտ մըն է։ Ան ծնած է Քոպանէ, ուր քիւրտ մարտիկները կը փորձեն կասեցնել Իսլամական պետութեան զինեալներուն ներխուժումը։ Կռիւներէն փախչելով ան ապաստանած է Սանլիուրֆա, ուր  Ֆրանսական մամուլի երկու թղթակիցներ՝ Ժան Լուի Թուզէ եւ Լիւք Մաթիէօ 24 Հոկտեմբեր 2014֊ին, Քոպանէէն փախուստէն երկու շաբաթ ետք, հանդիպում մը ունեցած են անոր հետ եւ քաղած են անոր յուշերը  Քոպանէի մասին։  Ժան Լուի Թուզէ կը գրէ թէ Մուսթաֆա Պաքեր, որ վայելչօրէն հագուած անձնաւորութիւն  մըն էր  երբ 90ական տարիներուն ֆրանսերէն կը դասաւանդէր Հալէպի մէջ, այսօր իր երեք զաւակներուն հետ տեղաւորուած է յարկաբաժնի մը մէջ, ուր կողք կողքի սեղմուած են  Քոպանէէն փախած ուրիշ ընտանիքներ եւս։ Հոս, Սանլիուրֆայի մէջ, այսպէս կոչուած Աբրահամի քարայրին մօտ է որ երկու թղթակիցները հանդիպած են  Մուսթաֆա Պաքերին, որ պատմած է իր ծննդավայրին՝ Քոպանէի պատմութիւնը, Քոպանէ անուան ծագումի մասին։  Ստորեւ՝ անոր պատմութիւնը որոշ յապաւումներով։

“ՍՈՒՐԻԱՑԻ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՊԱՆԷԻ ՄԷՋ”

“Այն ինչ որ գիտեմ Քոպանէի մասին՝ զայն քաղած եմ մէկէ մը, որ հոն ապրած է անցեալ դարուն սկիզբը։ Ան կը կոչուէր Հենով Մուսի Ալէ։ 1983֊-֊ին էր։ Մարդը այն ժամանակ 90 տարեկան էր։ 1910֊-1912-֊ին Քոպանէն  գիւղակ մըն էր։ Այսօրուան սահմանագիծը ճահճային գօտի մըն էր՝ շրջապատուած երկու աղբիւրներէ՝ մէկը արեւմտեան կողմէն, իսկ միւսը՝ արեւելքէն, ուր  արաբ պատաուիները երբեմն կու գային իրենց անասուններուն ջուր խմցնել տալու համար։

“20֊-րդ դարու  սկիզբին, բնակիչները քիւրտեր եւ հայեր էին։ Մինչեւ Հաֆէզ Ասատին իշխանութեան գլուխ գալը 60-֊ական տարիներու վերջաւորութեան, արաբական ոչ մէկ ներկայութիւն եղած է հոս, ինչպէս հիմա։

“Քանի որ արաբ պատաուիները կու գային իրենց անասուններուն ջուր խմցնել տալու , արեւմտեան կողմի աղբիւրին տրուեցաւ Այն ալ Արապ  անունը, որ կը նշանակէ “արաբներուն աղբիւրը”։

“1915-էն սկսեալ,  հալածանքներէն (թրքական – Ծ.Խ.) փախչող հայերը կը հաստատուին այս ցորենի շտեմարանին մէջ։ Շատ շուտով աշխատանքի կը լծուին եւ կը հիմնեն առաջին ջաղանցքները։ Առաջինին կը յաջորդեն տասնեակներով աւելի փոքրեր շրջանին մէջ։ Անգլիացիները, որոնք կը կառուցանեն առաջին երկաթուղագիծը, կ’աշխատցնեն տեղացի աշխատաւորներ, առաւելաբար քիւրտեր։ Այսպէս, մարդիկ կ’աշխատին “company”ին համար։ Շուտով  “p” գիրը կ’ուտեն եւ “company”ն կը դառնայ “combany”։ Ապա ջնջուելու հերթը կու գայ “m” տառին եւ “combany”ն  կը դառնայ “Kobany” եւ աստիճանաբար “Kobane”։ Մինչեւ հոս, պէտք չէ մոռնալ որ Այն ալ Արապը, այն ժամանակ երբ ֆրանսացիները կը տեղաւորուին  սուրիական հոգատարութեան ներքեւ, որ կը սկսի 1920-ին, դեռ եւս խեղճ աղբիւր մըն է։

“ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՔԻՒՐՏԵՐԸ ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԸ ԽՕՍԷԻՆ”

“Երբ ֆրանսացիները կը հասնին, իրենց առջեւ կ’ունենան սպիտակ էջ մը։ Անգլիացիները ոչինչ ձգած էին, բացի երկաթուղագիծէն եւ գիւղակի անունէն, որ ծամծմուելով եւ ձեւազեղծուելով դարձած էր Քոպանէ։ Հայերը անմիջապէս իրենց ծառայութիւնները կ’առաջարկեն ֆրանսացիներուն։ Կը խօսին վայրը զարգացնելու հնարաւորութիւններու մասին։ Հոս Ցորենի շտեմարան մըն է եւ  գիւղին կեդրոնը պէտք է ստեղծել  առեւտրական փոխանակումներու վայրեր, մասնաւորաբար իրենց առեւտուրին համար, որովհետեւ  այս մասին անոնք (հայերը ֊ Ծ.Խ.) բոլոր գիտելիքները ունին։

“Ֆրանսացիները  առաջիններն են որ աշխարհի այս կորսուած անկիւնը 30-40ական տարիներու արդիականութեան մէջ կը մտցնեն։  Ճամբաներ կը կառուցուին, վարչամեքենայ մը կը ստեղծուի, շուկայ մը, դպրոցներ եւ մինչեւ իսկ հայ կաթողիկէ եկեղեցի մը կը կառուցուի։ Ոստիկանական ծառայութիւններ կը ստեղծուին։  “Շրջուն պահակագունդ” բառը Քոպանէի մէջ երկար ժամանակ մնաց խօսակցութիւններուն մէջ եւ “պահակագունդ” բառը ՝ ինծի նման ծերերուն համար միշտ հոմանիշ է քաղաքացիական ապահովութեան։ Ֆրանսացիները, որոնք այն ժամանակ տարածուած էին շրջանին մէջ, ալճերիացիներ եւ սենեկալցիներ էին։  Վարչամեքենան կը գտնուի փողկապ կրող ֆրանսացիներուն ձեռքը։ Այն ժամանակ, միայն Հայերու զաւակները դպրոց կը յաճախէին։ Ֆրանսացիները հայերէն կը խնդրեն իրենց դպրոցներուն դռները բանալ այն քիւրտերուն առջեւ՝ որոնք կ’ուզեն դպրոց յաճախել։ Այսպէսով, 30-40ական տարիներուն, դպրոց յաճախող քիւրտ մանուկները կը խօսէին նաեւ հայերէն։ Առեւտուրը տեղի կ’ունենար թրքերէն եւ քրտերէն խառնուրդով մը՝ նախադասութեան մէջ հայերէն եւ ֆրանսերէն մէջբերումներով։

“Կեդրոնը կար հայկական սրճարան մը, որ շատ լաւ կը յիշեմ՝ Գարմեն Սրճարանը։ Կիները երբեք քօղարկուած չէին եւ այր մարդիկը, ներառեալ քիւրտերը, կու գային խմելու տեղական կարմիր գինին։ Խանութները, որոնց տէրերը մեծ մասամբ հայեր էին,  կը ծախէին ամէն ինչ, ներառեալ ոգելից խմիչք։ Ֆրանսացիները իրիկունները կը յաճախէին սրճարանը։ Թանոսը, որ հայկական շարժանկարի սրահ մըն էր, կը ներկայացնէր եւրոպական եւ ամերիկեան ֆիլմեր, մինչեւ պաասականներուն գալուստը։ 1968-էն սկսեալ, հայերը մեկնեցան դէպի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, եւ իմացայ որ փարիզեան շրջանին մէջ  գտնուողներէն շատեր Քոպանէէն հեռաւոր արմատներ ունեցող հայեր են։ Ոմանք գացին նաեւ Հալէպ, ուր համայնքը շատ զօրաւոր էր։

“Եւ այսպէս, Քոպանէն դարձաւ Այն ալ Արապ։  Վերջին հայը ինծի պէս այդտեղէն մեկնեցաւ 15 օր առաջ։ Կը կոչուի Յակոբ Յակոբեան։  Ան  քաղաքին մէջ ունէր ինքնաշարժներու նստարաններու նորոգութեան գործատեղի մը։ Ուզեց կռուիլ, սակայն  Դեմոկրատական Միութեան Կուսակցութիւնը, որ շրջանը հակակշռող քրտական կազմակերպութիւնն է, իրեն խորհուրդ տուաւ փախչելու, ըսելով որ “շատ ծեր ես, քեզ Քոպանէէն դուրս պիտի բերենք”։ Ան հայկական ներկայութեան վերջին դրոշմն էր։

“ՖՐԱՆՍԵՐԷՆՍ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ՄՈՌՑԱՅ”

“Ֆրանսերէն սորվեցայ ոչ թէ որովհետեւ քաղաքս  ֆրանսացիներուն կողմէ՝ իրենց հոգատարութեան շրջանին ներածուած արդիականութեան աշխատանոց մըն էր, այլ պարզապէս այդպէս ուզուած էր.  Ֆրանսերէն պիտի սորվիս. վերջակէտ։ Ափսոս, սակայն,  ամբողջութեամբ մոռցած եմ ֆրանսերէնս, որովհետեւ երբեք չեմ գործածեր զայն։ Եղաւ ժամանակ մը որ ես ինծի հետ կը խօսէի։  Քոպանէի մէջ որո՞ւն հետ կ’ուզէիք որ խօսիմ Լուի Արակոնի, Ալպեր Գամիւի կամ Վոլթերի մասին։

“Այսօր կորսնցուցի իմ սեփական յիշողութիւնս, գիրքերս, տետրակներս, նոթերս, յիշատակներս։ Ամէն ինչ կորսուեցաւ. գինին որ կը խմէի, հայերը որ այնքան կը սիրէի եւ որոնք ինծին փոխանցեցին սէրը ֆրանսական մշակոյթին հանդէպ։  Բախտաւոր եմ, որովհետեւ դեռ ողջ եմ եւ մանաւանդ  շուրջս ունիմ երեք տղաքս, որ ինծի միացան եւ գտան փոքր յարկաբաժին մը”։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ