Գահիրէ
Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան, ընկերակցութեամբ Եգիպտոսի միւս քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներուն հետ, պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ փրոֆ. Մոհամետ Մուրսիի հետ չորեքշաբթի, 27 յունիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Հելիոպոլսոյ նախագահական պալատին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Մուրսի, շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր առաջնորդներուն` շնորհաւորանքներուն եւ բարեմաղթանքներուն համար: «Նախագահը յստակ նշեց, որ նմանատիպ հանդիպումներ շարունակական պիտի ըլլան նաեւ ապագային, եւ որ ինք պիտի շարունակէ ջերմ յարաբերութիւններ պահել քրիստոնեայ բոլոր համայնքներուն հետ»:
Ան հաստատեց նաեւ, թէ «բոլորս իբրեւ մէկ բռունցք պիտի աշխատինք միասնաբար յանուն Եգիպտոսի բարօրութեան»` շեշտելով, որ ինք «պատրաստ է լսելու քրիստոնեայ համայնքներու խնդիրներն ու առաջարկները եւ ընդառաջելու անոնց հարցերուն»: