Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2014 - «Ձեր կարծիքով ես ո՞վ եմ» (Մտթ 16, 13)


 Յիսուս իր աշակերտներուն հարցուց «Ձեր կարծիքով ես ո՞վ եմ» (Մտթ 16, 13): Եթէ մեր Տէրը, այսօր, այս նոյն հարցումը մեզի՝ հին եւ նոր հերետիկոսութիւններով ապականած ընկերութեան օդը շնչողներուս ուղղէր, ի՞նչ պիտի ըլլար մեր պատասխանը: Առողջ պատասխան մը տալու համար այս հարցումին՝ դիմենք սուրբ Աւետարաններուն:
«Ո՞վ է այս մարդը» որ իշխանութեամբ կը խօսի, ամենուրեք բարիք կը սփռէ, հիւանդները կը բժշկէ, բորոտները կը մաքրէ, մեղաւորներուն մեղքերը կը ներէ եւ մեռելներուն յարութիւն կը պարգեւէ: «Ո՞վ է այս մարդը» որ ա՜յնքան հրապուրած էր ժողովուրդը՝ մղելու աստիճան օրուան հրեայ քահանայապետը վախով ըսելու՝ «այս մարդը պէտք է մեռնի որովհետեւ արար աշխարհը սկսած է ետեւէն երթալ»:
Յիսուսէն բացառելով մեղքը, ըստ ամենայնի մեզի պէս մարդ էր: Ան կերաւ, քնացաւ, անօթեցաւ, բարկացաւ, տրտմեցաւ, լացաւ, յոգնեցաւ, փորձուեցաւ, աշխատեցաւ, աղօթեց, չարչարուեցաւ ու մեռաւ:
Սակայն, այդ միեւնոյն Յիսուսը որ կը հնազանդէր Մարիամի եւ Յովսէփի՝ սաստեց Գալիլիայի ծովուն վրայ շղթայազերծուած փոթորիկը եւ հանդարտեցուց ալիքները: Այդ միեւնոյն Յիսուսը որ Սամարացի կնոջմէ ջուր խնդրեց՝ Կանայի հարսանիքի ատեն ջուրը գինիի փոխեց: Այդ միեւնոյն Յիսուսը որ կ'անօթենար՝ բազմութիւնները կերակրեց հինգ հացերով եւ երկու ձուկերով: 
 
Այդ միեւնոյն Յիսուսը որ Գալիլիայի քարքարուտ ու փոշիոտ ճամբաները կը կտրէր՝ ջուրին վրայ քալեց: Այդ միեւնոյն Յիսուսը որ արիւն պիտի քրտնէր Գեթսեմանի պարտէզին մէջ՝ Թափոր լերան վրայ այլակերպեցաւ: Այդ միեւնոյն Յիսուսը որ մեռաւ խաչին վրայ՝ իր մահէն երեք օր ետք յարութիւն առաւ: «Ո՞վ է այս մարդը»: Քրիստոնէութիւնը պէտք ունեցաւ 400 տարիներու եւ առաջին չորս Տիեզերական Ժողովներու՝ վերջնական պատասխան մը տալու համար այդ հարցումին: Արիոսը որ կը մերժէր Յիսուս Քրիստոսի աստուածութիւնը՝ դատապարտուեցաւ Նիկիոյ ժողովի ատեն 325 թուին:
Ապողինարը որ կը հաստատէր թէ Քրիստոսի մէջ մարդկութիւնը բանական հոգի չունի, եւ որ երեւոյթով միայն մարդ էր՝ դատապարտուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ Ա. Տիեզերական Ժողովի ատեն, 381 թուին: Նեստորը ըստ որում Քրիստոս ունի երկու անձ, մին՝ մարդկային անձ իսկ միւսը՝ աստուածային անձ եւ Մարիամ Աստուծոյ մայրը չէր այլ Քրիստոսի աստուածութեան միացած մարդուն մայրն էր՝ դատապարտուեցաւ Եփեսոսի Տիեզերական Ժողովին, 431 թուին: Ի վերջոյ, Եւդիքէս որ կը մերժէր Յիսուսի երկու բնութիւնները՝ հաստատելով որ մարդկային բնութիւնը ցուլուեր էր Աստուածային բնութեան մէջ՝ դատապարտուեցաւ Քաղկեդոնի ժողովին, 451 թուին:
Եկեղեցւոյ վերոյիշեալ առաջին Չորս Տիեզերական Ժողովներու լոյսին ներքեւ կարելի եղաւ պատասխանել «Ո՞վ է այս մարդը» հարցումին: Պատասխանը այս է՝ Յիսուս մէկ անձ է՝ երկու բնութիւններով, աստուածային եւ մարդկային, անշփոթելի, անփոփոխ, անբաժան, անքակտելի: Առաջին բնութիւնը՝ ի յաւիտենից ունի իսկ երկրորդն ունեցաւ ծնելով Սուրբ Կոյս Մարիամէ:
Յիսուս Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած եւ միանգամայն ճշմարիտ մարդ է:
Հանգստեան ժամերգութեան ատեն կ'աղօթենք. «Որդի Աստուծոյ՝ Աստուած ճշմարիտ, որ խոնարհեցար ի հայրական ծոցոյ, եւ առեր մարմին ի սրբոյ Կուսէն
Մարիամայ վասն մերոյ փրկութեան, խաչեցար եւ թաղեցար եւ յարեար ի մեռելոց եւ համբարձար առ Հայր»:
«Ո՞վ է այս մարդը» Քրիստոնէութեան 2013 տարիներէ ետք, այս հարցումը տակաւին սեղանին վրայ դրուած է տարբեր եզրաբանութեամբ, զանազանելով Պատմական Յիսուսը՝ Հաւատքի Յիսուսէն: Պատմական Յիսուսը մարդ է եղեր եւ Հաւատքի Յիսուսը՝ Աստուած: Այս երեւոյթին ետեւ թաքնուած են, սակայն, առաջին դարերուն միեւնոյն հերետիկոսութիւնները: Աւետարանները չգրուեցան փաստելու համար թէ Յիսուս մարդ էր այլ փաստելու՝ թէ ան Աստուած էր: Սուրբ Յովհաննէս Աւետարիչը կ'ըսէ «...Այս գիրքը (Աւետարանը) գրուեցաւ, որպէսզի հաւատաք թէ Յիսուսն է Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, եւ իրեն հանդէպ ձեր ունեցած հաւատքին միջոցաւ յաւիտենական կեանք ունենաք» (20, 31): Դարերու հոլովոյթին, մեր Տիրոջ աստուածութիւնը այնքան շեշտուած էր որ մոռացութեան մատնուած էր անոր մարդկութիւնը: «Ոմանք կ'ըսեն թէ Յիսուս երկրի վրայ ապրած ատեն՝ երկինքէն
բացակայ էր, խաչին վրայ գամուած ատենը՝ նստած չէր իր երկնաւոր փառքի աթոռին վրայ եւ գերեզմանին մէջ թաղուած ատեն՝ բազմած չէր Հօրը աջ կողմը:
Նման մտածողները Աստուծմէ նզովուած են» (Մովսէս Կաղանկատուացի, «Պատմութիւն Աղվանից»): Իսկ սուրբ Ներսէս Շնորհալին կ'ըսէ «Նոր Ադամը (Յիսուս) որդիացաւ հին Ադամին... աշխարհ իջաւ սակայն իր Հօրմէն չմեկնեցաւ, եւ Հօրը քով ելաւ սակայն աշխարհէն չհեռացաւ» (Բանք Չափու): Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը կը հաստատէ թէ «Քրիստոնեայ ըլլալու համար
անհրաժեշտ է հաւատալ, թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է» (Ք.Կ.Ե. 454):
«Ո՞վ եմ ես ձեր կարծիքով» հարցում մըն է զոր Յիսուս ամէն օր կ'ուղղէ մեզմէ իւրաքանչիւրին: Ու մեր պատասխանէն կախում ունի մեր առօրեան, մեր կեանքը, ինչպէս նաեւ մեր յաւիտենականութիւնը: Եթէ կարենանք, Սուրբ Հոգւոյ շնորհքով, Սիմոն Պետրոսին հետ պատասխանել «Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին» այն ատեն իրապէս օրհնեալ պիտի ըլլանք:
 
Քրիստոս Աստուած մեր, վասն Խաչի քո պատուականի, ընկալ  զաղաչանս մեր եւ կեցո՛ զմեզ: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ.Վ. Զապարեան
Ժողովրդապետ Մոնթրէալի Նարեկի Տիրամօր Եկեղեցւոյ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ