Զահլէ
Երէկ՝ երեքշաբթի 6 օգոստոս 2013 երեկոյեան, ազատ արձակուեցաւ Զահլէի հայ կաթողիկէ համայնքի զաւակներէն Գրիգոր Ֆոսեան, որ շուրջ երեք շաբաթ առաջ առեւանգուած էր լիբանանեան Արսալի շրջանին մէջ անծանօթներու կողմէ եւ տարուած անծանօթ ուղղութեամբ: Այս առեւանգումը խոր յուզում յառաջացուցած էր Զահլէի բնակչութեան մօտ, որ հրապարակային հաւաքներով բողոքած էր այս արարքին դէմ եւ պահանջած առեւանգեալէն ազատ արձակումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ՝ շնորհիւ տեղական եւ պաշտօնական միջամտութիւններուն:
Հակառակ վատառողջ վիճակին եւ դեղամիջոցներու չգոյութեան, Գրիգոր Ֆոսեան, իր իսկ խոստովանութեամբ, երեք շաբաթ արգելափակուած վիճակին տոկացած է շնորհիւ առ Աստուած աղօթքներուն եւ Տիրամօր ջերմեռանդութեան: