|
|
|
Կենսագրութիւն |
Գրիգոր Պետրոս Ը. Տէր Աստուածատուրեան |
(1843-1866) |
| |
Հալածանքներու տարիները կարծէք հակառակ արդիւնք տուին եւ Գրիգոր Ը.ի Պատրիարքութիւնը վերածնունդի, բարգաւաճումի ու մանաւանդ կազմակերպման շրջան մը եղաւ: Իր Պատրիարքութեան շրջանին, շնորհիւ ձեռք ձգուած կրօնական ազատութեան, ան նորանոր թեմեր բացաւ, 15 եկեղեցիներ կառոյց, բազմաթիւ մատուռներ, հուսկ 15 եպիսկոպոս ձեռնադրեց:Դպրեվանքի ուսման մակարդակը բարձրացուց,
կանոնագիրքը վերամշակեց, գրքոյկներ հրատարակեց, թարգմանութիւններ կատարեց, Վանքին գրադարանը ճոխացուց:
1855-ին, Հայ Կաթ. Պատրիարքութեան առաջին Ազգային Սիւնհոդոսը գումարեց Զմմառի մէջ, որուն ընթացքին եկեղեցական, կանոնական, վարչական, հովուական ու ծիսական բարենորոգումներ կատարեց:
Բարեկամական յարաբերութիւններ մշակեց երկրին եկեղեցական եւ քաղաքական իշխանաւորներուն հետ: Լիբանանի հայազգի կուսակալ Տաուտ Արթին Փաշային հետ իր բարեկամութիւնը հանրածանօթ էր: - «Բարեկամդ» մեռաւ, գրեցին իրեն՝ երբ Էմիր Պէշիր Բ. մահացաւ Պոլսոյ մէջ:
|
«Լիբանանցի» այս ութը Պատրիարքները 150 տարի, առանց պետական ճանաչումի, հոսանքի մը դէմ թիավարելով իրենց առաքելութիւնը կատարեցին ամենադժուար պայմաններու մէջ, բանտի ու մահուան սպառնալիքի ներքեւ: Միաբան վարդապետները, մերթ ջաղապանի, ուղտապանի, կամ շրջուն փերեզակի ծպտումին տակ. տուն տուն շրջեցան, ոստիկանութիւնը խաղի բերին ու իրենց ժողովուրդը աւետարանեցին: Ինչե՜ր պիտի չիրագործէին անոնք եթէ այդ 150 տարիները ազատութեան մէջ անցուցած ըլլային:
Անոնց գործունէութեան վկան է Ֆրանսացի de Damas, որ այս տողերը կը գրէր 1888-ին. «Տասը տարուան մէջ, Զմմառի Միաբանները Աստուծոյ թագաւորութիւնը տարածեցին Սուրիա, Միջագետք, Կիլիկիա եւ մասամբ Փոքր Ասիա: Պատի՛ւ իրենց: Անոնք ցոյց տուին, թէ ինչ կրնայ գործել լաւ պատրաստուած կղեր մը: Զմմառ բազմող վերջին կաթողիկոսին անունը պանծալի պիտի մնայ իր ազգին տարեգրութեանց մէջ»(Coup d'œil sur l'Armռnie, Lyon-Paris, 1888 ):
Գրիգոր Ը.ով վերջ կը գտնէ «Լիբանանցի» Պատրիարքներուն շարքը ու Աթոռը Պոլիս կը փոխադրուի:
| |
|
|
|