Կիրակի, 17 Փետրուար 2013 - Գոհաբանական երեկոյ՝ արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի մեկնումին առթիւ

Պուրճ Համմուտ

Շաբաթ, 16 փետրուար 2013, երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Պուրճ Համմուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական երեկոյ արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանին մեկնումին առթիւ։ Անցեալ 2 փետրուարին, Թէյրուզեան եպիսկոպոսը Փարիզի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ անուանուեցաւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։ 
 
Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատոյց արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան՝ նորընտիր առաջնորդ ֆրանսայի կաթողիկէ հայոց թեմին։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հիւսիսային Ամերիկայի վաստակաւոր առաջնորդ՝ արհի. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան, Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդ՝ գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, Պէյրութի պատրիարքական թեմին ժողովրդապետները, հոգեւոր հայրերը, քահանաները եւ Զմմառու սաները։ Ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցան պաշտօնական, հասարակական եւ միութենական անձնաւորութիւններ, հաւատացեալ ժողովուրդին կողքին։  

Արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան փոխանցեց հետեւեալ հրաժեշտի պատգամը:

«Սիրեցեա՛լ քոյրեր եւ եղբայրներ,
Սուրբ Պատարագը կը մատուցանեմ ձեր ընտանիքներուն եւ բոլորիս սրբութեան դիտաւորութեան։
72 տարեկանիս ուրախութեամբ եւ խոնարհութեամբ կ'ընդառաջեմ Քրիստոսի փափաքին, Սրբ. Քահանայապետին կողմէ արտայայտուած. «Ես Տիրոջ (ծառան) եմ, թո՛ղ ամէն բան ըլլայ ինծի (կամքիդ) համաձայն»։ Յառաջացած տարիքս եւ նոր առաքելավայրս նկատի ունենալով, ես զիս կը յանձնեմ Գերագոյն Քահանային, որ ըսաւ. «Դուք չէք որ ընտրեցիք զիս, այլ ես ձեզ ընտրեցի եւ հաստատեցի, որպէս զի երթաք եւ պտուղ տաք եւ ձեր պտուղը մնայ, եւ ինչ որ խնդրէք Հօրմէն իմ անունովս` տայ ձեցի» (Յովհ 15, 16)։
Սիրելի՛ քահանայ եղբայրներ, Եւրոպա կ'երթամ եւ ինծի հետ կը տանիմ իւրաքանչիւրիդ սրտիս մէջ տպաւորած ուրախ ու ցաւալի յիշատակները։ Կը վստահեցնեմ ձեզ թէ միշտ ջանացի եւ պիտի շարունակեմ զօրավիգ կանգնիլ իւրաքանչիւրիդ դառն րոպէներուն ու ամոքել երբեմնի արդար արցունքը։ Բոլորիդ կը մաղթեմ Քրիստոսի խաղաղութիւնը եւ անսակարկ հաւատարմութիւն մը Քահանայութեան հանդէպ, որուն համար նուիրած ենք կեանքը։ Չկայ աւելի վսեմ ու նուիրական կոչում ու սէր քան «իր կեանքը զոհել բարեկամներուն» (Յովհ 15, 13), Եկեղեցւոյ եւ Ազգին համար։ Եղբայրական թելադրանքս է ձեզի. «Մեր հաւատացեալները թանկագին քանքարներ են մեր ձեռքերուն մէջ։ Առանց անոնց գործօն ներկայութեան` մեր գոյութեան կոչումը իմաստ չունի։ Շրջապատուեցէ՛ք ձեր ժողովուրդով։ Այցելեցէ՛ք ընտանիքները։ Ծանօթացէ՛ք ծնողներուն, երիտասարդներուն ու յատկապէս մանուկներուն։ Ասոնք Եկեղեցւոյ ապագան են։ Մօտ եղէ՛ք հիւանդներուն, ծերերուն ու կարօտեալներուն։ Ասոնք Քրիստոսի սիրեցեալներն են»։ Շնորհակալ եմ ինծի հանդէպ ձեր ունեցած եղբայրական զգացումներուն ու ապրումներուն։ Ձեր ներողամտութիւնը կը հայցեմ եթէ որեւէ կերպով վշտացուցած եմ ձեզ։ Մնանք միշտ միացած քահանայական աղօթքով։
44 տարիներու ընթացքին, ջերմ սիրով սիրեցի ձեզ, սիրելիներս աշխատեցայ ձեզի հետ, ծնողներ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, պատանիներ, մանուկներ, Բլբուլներ, սկաուտներ, երգչախումբ անդամներ, Տիկնանց Միութիւն, Բարեսիրական Միութիւն, Միութենականներ, կուսակցականներ եւ պաշտօնեայ գործակիցներ։ Ջանացի ըլլալ ձեզմէ մէկը. պզտիկ` պզտիկներուն հետ, մեծ` մեծերուն հետ։ Շնորհակալութիւն ձեզի, որ երկար տարիներ միասին աշխատեցանք, միասին բաժնեցինք պատերազմի մահաստուեր օրերուն տագնապներն ու վախերը, ինչպէս նաեւ միասին ժպիտը վերադարձուցինք կարօտեալներուն եւ գաղթական-ներուն, անոնցմէ ստանալով սրտի արդար գոհունակութիւն ու երջանկութիւն։ Ժամն է որ ներողութիւն խնդրեմ ձեզմէ գործած սխալներուս, ձեզի պատճառած նեղութիւններուն ու զլացած ծառայութիւններուս համար։ Նշան իմ անկեղծ սիրոյս ընդունեցէք ինծմէ եղբայրական համբոյր մը ջերմ։ Կը խոստանամ ամէն օր սուրբ Պատարագի ընթացքին եւ աղօթքներուս մէջ յիշել ձեզ, ձեր ընտանիքներուն բոլոր անդամները։ Կը խնդրեմ ձեզմէ որ դուք եւս ինծի համար աղօթէք, որ բարի Յիսուսը, կեանքի մնացած տարիներուս, ինծի հետ վարուի մեծ ողորմութեամբ եւ գթութեամբ, եւ ինչպէս միշտ, ըլլայ լոյսս ու առաջնորդս, որպէսզի կարենամ լաւագոյնս տալ ինծի յանձնուած հոգիներուն ու միասին ընթանանք Հաւատքի եւ Սրբութեան ուղեւորութեան ճամբուն վրայ։
Որդիական երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Արծիւեան Զմմառեան Միաբանութեան, ուր վայելեցի Զմմառու Տիրամօր մայրական խանդա-ղատանքն ու սէրը, եւ սնայ սրբակեաց Զմմառեան հայրերուն առաքելա-կան նուիրումով Եկեղեցւոյ ու Ազգին. ծնողքիս` որոնցմէ ժառանգեցի բարեպաշտութեան ու ծառայութեան հոգին։ Սրբազան Քահանայապետին, Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ եւ Սիւնհոդոսական Հայրերուն անձիս հանդէպ իրենց ունեցած վստահութեան համար։ Անտարակոյս գոհաբանական աղօթքս կ՚երթայ սուրբ խորանին վրայ բազմած Քրիստոսի, որ չնայեցաւ տկարութեանս ու խեղճութեանս, այլ շռայլեց Իր առատ շնորհքները կեանքիս անկիւնադարձերուն, վերջինը` անուանումս որպէս առաջնորդ Ֆրանսային թեմին։ Օրհնեալ ըլլայ միշտ Աստուծոյ սուրբ կամքը»։

Սուրբ Պատարագի վերջին օրհնութենէն ետք, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այս առիթով գնահատական խօսք մը ուղղեց Թէյրուզեան գերապայծառին, յիշելով անոր երկար տարիներու առաքելութիւնը հաւատարմութեամբ, սիրով եւ ծառայութեան ոգիով: Ան ըսաւ. «Աստուած ղրկած էր իր անդրանիկ զաւակը աշխարհ, որպէսզի մարդոց հաղորդէ Աստուծոյ սէրը (...): Աստուած իր աշակերտները ընտրեց որպէսզի այս սէրը փոխանցէ աշխարհին: Ամէն քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ մէջ իր առաքելութիւնը ունի, իր կոչումը ունի, իր ձեւը ունի, իր կարգը ունի (...): Երբ Աստուած Թէյրուզեան գերապայծառին նայեցաւ, ինքն ալ փոխադարձեց նայուածքը Աստուծոյ եւ ընդունեցաւ Աստուծոյ սէրը (...): Եւ հաւատաց Աստուծոյ սիրոյն: Ան շարունակեց հաւատարմութեամբ համապատասխանել Աստուծոյ սիրոյն (...): Աստուած այսօր կը կոչէ մեր գերապայծառը դէպի նոր առաքելութիւն, որպէսզի իր միջոցաւ Աստուած շարունակէ իր սէրը տարածել»:   

Հոգեւոր Տէրը նաեւ քաջալերեց նոր կոչումները Եկեղեցւոյ մէջ: Ան ապահովցուց իր աղօթքները գերապայծառ տիրոջ եւ վստահեցուց թէ Թէյրուզեան եպիսկոպոսը բարձր պատասխանատուութեամբ պիտի ստանձնէ նոր պաշտօնը, որպէս առաջնորդ Փարիզի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ թեմին, իրեն մաղթելով յաջողութիւն եւ բարի առաքելութիւն: 

Այնուհետեւ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան Հոգեւոր Տիրոջ եւ պատրիարքական թեմին անունով Թէյրուզեան եպիսկոպոսին նուիրեց յուշանուէր մը (սկիհ)։ 

Աւարտին, (ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը) Թէյրուզեան եպիսկոպոսը եւ թեմին կղերը թափօրով ուղղուեցան դէպի ժողովրդապետութեան հիւրասրահը, ուր ընդունեցին ողջերթի եւ նոր պաշտօնին համար շնորհաւորութիւնները։ Ապա ՀԿՄ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փարիզի նոր առաջնորդին մասին տեսանիւթի ներկայացում եւ հիւրասիրութիւն։

Յիշենք, որ շաբաթ կէսօրին,  Զմմառու վանքին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշ ի պատիւ Թէյրուզեան եպիսկոպոսին, որ պիտի մեկնի Փարիզ, իր նոր պաշտօնը ստանձնելու համար:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ