Չորեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2010 - Սուրբ Զատկուայ Հայրապետական սուրբ Պատարագ

Պէյրութ, Լիբանան

z435345
Կիրակի, 4 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Սուրբ  Զատկուան անմահ պատարագին՝ ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Սուրբ  Զատկուան իր պատգամին մէջ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը նշեց. «Քրիստոսի յարութեան դէպքը կը շնորհէ մեզի յաւիտենական կեանքը: Հազարաւոր մարդիկ այս աւետիսին հաւատացին եւ պայքարեցան իրենց հաւատքը պահելու համար, երբեմն իրենց կեանքին գնով, ինչպէս ըրին 1915-ի մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը՝ քաջ գիտնալով, որ այս կեանքէն ետք ուրիշ կեանք մը կը սպասէ իրենց, աւելի փառաւոր կեանք մը, որովհետեւ Աստուծոյ հետ միացած պիտի ըլլան: Այս իմաստով, Յիսուսի յարութիւնը կը լուսաւորէ մեր ամէնօրեայ գործերը, որոշումները եւ յանձնառութիւնները: Այսօր յատկապէս, Սուրբ եկեղեցին կ’աղօթէ խնդրելով բոլորիս վրայ յարութեան լոյսը, որ կրնայ մեզ առաջնորդել դէպի փրկութեան ապահով ճամբան»:

Սուրբ պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ զատկուան անուշեղէններու օրհնութիւն: Յայտնենք, որ Հոգեւոր Տէրը Սուրբ  Զատկուան շնորհաւորութիւնները ընդունեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ (Ժեհթաուի):
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ