Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2007 - Մեսրոպեանի «Ովասիս» Ծրագիրը Անմոռանալի Արձակուրդ Մը Պարգեւեց 143 Մանուկներու

Լիբանան

 
Մանկական խայտանքով, ծնողական հպարտութեամբ եւ ուսուցիչ-պատասխանատուներու գոհունակութեան զգացումներով յորդուն հանդէսով մը, Ուրբաթ,  7 Սեպտեմբերի երեկոյեան,
 
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը եզրափակեց 2007-ի «Ովասիս» մանկապատանեկան ամառնային ծրագրի տարեշրջանը:
ՀԿՄ-ի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ, մօտ 600 ծնողներու եւ հրաւիրեանլներու համար, «Ովասիս» 2007-ի մանուկներն ու պատանիները ներկայացուցին մօտ մէկ ու կէս ժամ տեւած գեղարուեստական յայտագիր մը, որ հանդիսացաւ մանրանկար մը ամբողջ 2 ամիս տեւած «Ովասիս»ի դաստիարակչական աշխատանքներուն եւ վառ արտացոլացում մը այն ուրախ մթնոլորտին, որուն մէջ ապրած էին փոքրիկ Ովասիսականները այդ նոր ժամանակահատուածին: Գեղարուեստական յայտագրին նախորդած էր Ովասիսականներուն նկարչական եւ ձեռային աշխատանքներուն ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած հարիւրաւոր գործեր‎ յաճախ բարձր ճաշակով եւ նախանձելի վարպետութեամբ իրագործուած:
Լիբանանի եւ Հայաստանի ազգային օրհներգներով բացուած հանդէսին, «Ովասիս»ի տարիքային վեց առանձին խումբերու անդամները, ներկայացուցին հայերէն, արաբերէն եւ իտալերէն երգեր, հայկական, արաբական եւ եւրոպական պարեր եւ մարտարուեստի հնարքներու ցուցադրութիւններ, որոնք բոլորն ալ յատկանշուեցան կատարումներու վարպետութեամբ, նրբաճաշակութեամբ, բազմազանութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ:
Հանդէսին ընթացքին սփռուած համակարգչային տեղեկատուական հաղորդումը ներկաները լրիւութեամբ իրազեկ պահեց Ովասիս 2007-ի երկամսեայ գործունէութեան եւ անոր վերաբերող փաստերուն:
 
2007-ին, 9 տարի առաջ հիմնադրուած «Ովասիս»ը հիւրընկալեց 143 փոքրիկներ, Լիբանանի զանազան շրջաններէն, «Ովասիս» 2007-ի մասնակիցները բաժնուեցան տարիքային վեց խմբակներու, որոնք իրենց մէջ ներառին 3-էն մինչեւ  13 տարեկան մանուկներն ու պատանիները:
«Ովասիս»  2007-ի մասնակիցները կուգային 29 տարբեր դպրոցներէ, որոնցմէ 7ը՝ ոչ-հայկական:
Արուեստի ու մնացեալ ամառնային դասընթացքները ընդգրկեցին երգ, պար, նկարչութիւն եւ ձեռային աշխատանք, թատրոն, խոհանոց, համակարգիչ, դպրոցական պարտականութեան պահեր եւ հայերէնի ուսուցումը‎՝ օտար վարժարաններ յաճախող հայ մասնակիցներուն համար: Մարմնամարզի մէջ գործեցին 2 դասընթացքներ՝ պասքէթպոլ եւ մարտարուեստ:
Խօսք առնելով հանդէսի ներկաներուն առջեւ, «Ովասիս»ի կազմակերպիչ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ հանդէսը ըստ էութեան տօնախմբութիւն մըն էր թէ մասնակից փոքրիկներուն, թէ անոնց ծնողներուն եւ թէ ծրագրի պատասխանատուներուն համար, ինչպէս որ տօնախմբութիւն մը եղած էր «Ովասիս»ը ինքնին, ամբողջ 2 ամսուան ընթացքին:
«Ես համոզուած եմ, որ մեծ է ուրախութիւնը ծնողներուն, որոնց զաւակները ամրապնդուեցան ազգային ինքնութեամբ եւ ամբողջ 2 ամիս ապրեցան հայկական վարժարանի մը մտերմութիւնը, հոգածութիւնը, գուրգուրանքը եւ ընկերային առողջ մթնոլորտը» դիտել տուաւ ան: Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն՝ վստահութեան, բարեկամներուն՝ զօրակցութեան եւ անձնակազմին՝ գլխաւորութեամբ տիկին Գարոլին Թերզեանին բարեխիղճ աշխատանքին համար:
«Ովասիս» 2007-ի 143 մասնակիցները հանդէսը փակեցին Ովասիս երգով: :


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ