Պէյրութ
Չորեքշաբթի 25 մարտին, Աւետման տօնին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի ժողովրդապետութիւնը տօնեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը հանդիսաւոր սուրբ Պատարագով, երեկոյեան ժամը 7-ին, զոր մատոյց տեղւոյն ժողովրդապետ՝ հայր Վարդան վրդ Գազանճեան: Օրուան պատգամը փոխանցեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ նախագահեց նաեւ արարողութեան: Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան, Պուրճ Համուտի ժողովրդապետ հայր Պերճ վրդ. Սապէ, Զալքայի ժողովրդապետ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, Այնճարի ժողովրդապետ հայր Մեսրոպ ծ.վ. Թոփալեան, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան ընդհանուր քարտուղար հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեան, Տէր Րաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան եւ Զմմառու ընծայարաններու փոխտեսուչ՝ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան:
Խորանի ծառայութիւնը կատարեցին Զմմառու Մալոյեան ընծայարանի ժառանգաւորները եւ եկեղեցւոյ դպիրները: Երգեցողութիւնը կատարեց «Կիլիկիա» ժողովրդապետական երգչախումբը:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր խորհրդածութեան մէջ ըսաւ. «Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ եւ մի՛ վախնաք մարդոցմէ, ինչպէս ըրաւ Մարիամ երբ հրեշտակին ողջոյնէն ետք առաւ լուրը աստուածամայրութեան»:
Ապա աւելցուց թէ «Աստուածածնայ ամենամեծ առաքինութիւններն են խոնարհութիւնն ու հնազանդութիւնը»: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փակեց իր խօսքը ըսելով, թէ քրիստոնեաներս նմանելու ենք Մարիամի՝ այս յատկութիւններով»:
Սուրբ Պատարագի աւարտին հայր Վարդան մասնակիցները ողջունեց ըսելով. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ամենակալին, որ այս տարի եւս մեզ համախմբեց Աստուածամօր Աւետման տօնին առթիւ, եւ Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին, սուրբ Պատարագ մատուցանելու Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի այս եկեղեցւոյն մէջ:
Ապա աւելցուց ըսելով. «Մեր հօր՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք հայրապետին, սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնեն, Տէր Կարապետը, մեր հաւատացեալները, սուրբ սեղանին ծառայողները, «Կիլիկիա» երգչախումբը, երիտասարդական խումբերը, եկեղեցասէր տիկնանց միութիւնը եւ անարժանս, եւ անոր կը մաղթենք առողջութիւն եւ երկար կեանք՝ անոր քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակին, եպիսկոպոսական 25 ամեակին եւ հայրապետութեան 16 ամեակին առթիւ:
Շնորհակալութիւն սիրելի Պաթագեան Գերապայծառ Հօր, գերապայծառ, գերյարգելի, գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրերուն, Զմմառու վարդապետներուն եւ նորընծայարանի ժառանգաւորներուն, սարկաւագներուն, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերուն, հաւատացեալ մեր բարեկամներուն եւ բոլորիդ, որ այսօր եկաք միասին տօնելու Աստուածամայրը»:
Ապա պատարագիչ ժողովրդապետ հայրը յայտնեց թէ «Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին ընդառաջելով, Սրբազան Քահանայապետը 12 ապրիլին Վատիկանի մէջ, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին պիտի յայտարարէ որպէս ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ: Այս առթիւ - ըսաւ ան- մեր ժողովրդապետութիւնը կը փափաքի Նարեկացիի խճանկարը զետեղել այս պատին վրայ, ուր այժմ կը գտնուի սուրբ Վարդապետին նկարը: Այսպէսով նուիրած կ'ըլլանք Պատրիարքական այս մատրան եւ մեր հաւատացեալներուն մեծանուն սուրբին եւ Տիեզերական Վարդապետին սրբանկարը, զինք միշտ մեր հետ ունենալու համար»:
Ապա վարդապետը հրաւիրեց բոլոր ներկաները պատրիարքական դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, շնորհաւորութիւններ եւ հիւրասիրութիւն: