Ուրբաթ, 6 Մարտ 2009 - Հայր Գէորգ Վրդ. Նորատունկեան Կ’այցելէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Լիբանան

Հինգշաբթի 26 Փետրուար 2009-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան այցելեց 2007-ի Հոկտեմբերէն նշանակուած Մոսկուայի եւ
 
ամբողջ Ռուսաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ՝ հայր Գէորգ վրդ. Նորատունկեան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ կայքէջի քարտուղարութեան հետ: Այս մտերմիկ հանդիպման ընթացքին հայր Գէորգ յայտնեց թէ Ռուսասատանի Հայ կաթողիկէներեւ մէկ մասը հաստատուած են 1800-ականներէն, իսկ միւս մասը Վրաստանէն եկած հայերն են: Հայ Կաթողիկէները այսօր կը գործածեն Մոսկուայի Աստուածածին Լատին Կաթողիկէ եկեղեցին: Հայր Գէորգ իր առաքելութեան առաջին ամիսէն իսկ սկսած է միօրեայ այցելութիւններ տալ Ռուսաստանի տարբեր քաղաքները եւ գիւղաքաղաքները հանդիպելու եւ ծանօթանալու համար Հայ Կաթողիկէ համայնքին հետ, օրհնելու զանոնք որպէսզի անոնք վերահաստատուին իրենց հաւատքին, ազգային եւ մշակութային ինքնութեան մէջ: Միօրեայ այս այցելութիւներուն ընթացքին տեղի կ’ունենայ խոստովանանքներ փափքողներուն համար, ձայնաւոր Ս. Պատարագ, խորհուրդներու մատակարարում եւ Քրիստոնէական պահ մանուկներու եւ երիտասարդներու համար: Մինչեւ այս օրս հայր Գէորգ այցելած է 30 քաղաքներ օգնութեամբ Սալէզեան միաբանութենէն հայր Պետրոս վրդ. Պետրոսեանի: Այս ծառայութիւնը ըւաւ հայր Նորատունկեան ամենէն առաջ կը սատարէ հայապահպանման գործին:
Հայր Գէորգ խօսեցաւ նաեւ 21 Դեկտեմբեր 2008-ի, Մոսկուայի հայ կաթողիկէ կեդրոնի մէջ Մատրան բացումին մասին: Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անունով այս մատուռը կը ծառայէ  վարդապետին անհատական աղօթքներուն եւ խոկումի պահերուն, ինչպէս նաեւ այնտեղ տեղի կ’ունենան քրիստոնէականի հաւաքները:
Հայր Գէորգ մեծ ուրախութեամբ յայտնեց թէ Մոսկուայի մէջ սկսած են Հայերէն լեզուի դասընթացքները ինչ որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է միւս քաղաքներուն մէջ ապրող հայերուն մօտ:
Զրոյցի աւարտին հայր Գէորգ ըսաւ թէ Ռուսաստանի մէջ ապրող մեծ թիւով հայ կաթողիկէները արժանի են հոգեւոր եւ եկեղեցական ծառայութեան որովհետեւ Սովետական Միութեան տարիներուն մնալով առանց հովիւի, անոնք անչատուած իրենց պատմական արմատներէն եւ կապը խզած Հայ Կաթողիկէ համայնքի նուիրապետութեան հետ: Այս մտահոգութենէն մեկնելով, հայր Գէորգ շեշտեց թէ մեր բոլորին պարտքն է վերադարձնել անոնց իրենց հօտին:
Հայր Գէորգ յայտնեց նաեւ թէ ան կազմակերպած է Լիբանան շրջապտոյտ մը որուն ընթացքին մասնակիցները ներկայ պիտի գտնուին Միւռոնօրհնէքի եւ Գրիգոր Նաերկացիի գիտաժողովին եւ պիտի շրջագային Լիբանանհայ հայակերտման բոլոր կառոյցները: 
Կայքէջի տնօրէնութիւնը  մեծապէս կը գնահատէ հայր Գէորգ Նորատունկեանի ծառայութիւնը եւ կը մաղթէ անոր արեւշատ եւ բեղուն առաքելութիւն Ռուսաստանի մէջ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ