Հռոմ
Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին առթիւ, Հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2014, երեկոյեան ժամը 5-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ 1915-ի Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակի ոգեկոչման սուրբ եւ անմահ Պատարագ, ինչպէս նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ի ներկայութեան Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի, ենթաքարտուղար գերյարգելի հայր Մաուրիցիօ Մալվեսթիթի, Քահանայապետական վարժարաններու տեսուչներու, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարգիս Ղազարեանի, Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչներու, հայ եւ օտար դիւանագիտական մարմիններու, հայ համայնքներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հայ-իտալացի հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը։ Պատարագիչն ու քարոզիչն էր Վարժարանիս տեսուչ՝ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Նորատունկեան։
Յընթացս սուրբ Պատարագին արտասանած քարոզին մէջ, մեծաւոր հայրը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութեան, ըսաւ թէ «միայն Ճշմարտութիւնը մեզ կը փրկէ»։ Խօսելով Քեսապին եւ քեսապահայութեան տառապալի վիճակին մասին, ան անդրադարձաւ Հայաւանին վրայ կատարուած յարձակումին, նշելով որ քեսապահայերը տեղահանուեցան մութ գիշերին ամէն ինչ ձգելով իրենց ետին՝ իրենց փաստաթուղթերը, ինչքերը, տուներն ու եկեղեցիները եւ հեռացան անորոշ ուղղութեամբ։ Տեսուչ հայրը՝ խորհրդածութեան որպէս բնաբան առնելով Ծննդոց գիրքի 37, 16 «իմ եղբայրներս կը փնտռեմ» նախադասութիւնը, նմանութիւն եւ կապ ստեղծեց Յովսէփի եւ հայոց որդիներուն միջեւ։ «Իմ եղբայրներս կը փնտռեմ» նախադասութիւնը նկատեց անկեղծ եւ շինիչ կոչ մը ամէն սփիւռքայի կողմէ ուղղուած Մայր Հայրենիքի եղբայրներուն, ամէն Հայ կաթողիկէի կողմէ ուղղուած առաքելական եւ աւետարանական եկեղեցիներուն պատկանող եղբայրներուն…։ Տեսուչ հայրը իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ հարցադրումով.- «Ե՞րբ վերջ պիտի գտնեն ողբի ու լացի 100 տարիները եւ Հայ Ազգին համար նոր յոյս մը պիտի յայտնուի»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին խօսք առնելով, Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի դրուատեց հայերը եւ անոնց ստեղծագործական արժանիքները, նշելով որ 301-ին դառնալով պետականօրէն առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը, հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին քանիցս հարկադրանքին առջեւ գտնուեցաւ կրելու Քրիստոսի Խաչն ու լուծը։
Կարդինալի խօսքէն ետք, կազմուեցաւ վարդերով զարդարուած թափօր մը, որ ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ բակը, ուր կանգնեցուած Խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարգիս Ղազարեան ներկաներուն փոխանցեց սրտի խօսք մը «ԱՅՈ՛» պատասխանելով Հիթլերի այն հարցումին թէ «միթէ տակաւին մէկը կը յիշէ՞ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։
Խաչքարին՝ ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը վարժարանի քառանկիւնին մէջ։
http://it.radiovaticana.va/news/2014/04/25/il_cardinale_sandri:_l’eredità_cristiana_del_popolo_armeno_porti_pace/it1-793765
http://www.notizieitalianews.com/2014/04/per-non-dimenticare-99-avversario-del.html?spref=fb
http://www.notizieitalianews.com/2014/04/per-non-dimenticare-99-avversario-del.html?spref=fb
http://www.zenit.org/it/articles/in-memoria-dei-martiri-del-genocidio-armeno?utm_campaign=quotidiano&utm_medium=email&utm_source=dispatch
http://www.zenit.org/fr/articles/memoire-du-genocide-armenien-a-rome-99e-anniversaire
http://www.aleteia.org/ar/مجتمع/مقالات/-99----5786399219384320
http://topnews.mediamall.am/?id=76391
http://www.aravot.am/2014/04/25/454910/
http://a1.am/hy/news/lurer.com/21042014-1018
http://www.panorama.am/am/society/2014/04/26/Armenian-genocide-comemoration/
http://www.pontificiocollegioarmeno.org/index.php/it/notizie/60-24-04-2014-99-anniversario-del-genocidio-armeno
http://www.pontificiocollegioarmeno.org/index.php/it/notizie/61-25-04-2014-comunicato-stampa-commemorazione-del-99-anniversario-del-genocidio-armeno-roma