Երկուշաբթի, 16 Օգոստոս 2010 - Վերափոխման տօնը եւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն Զմմառու վանքին մէջ


Զմմառ, Լիբանան

 

Կիրակի
, 15 օգոստոս 2010-ին, Վերափոխումն սուրբ Կոյս Աստուածածնի տօնին եւ Զմմառու  մայրավանքի անուանակոչութեան եւ ուխտագնացութեան օրուան առիթներուն, Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան  հայրապետական սուրբ Պատարագ մատոյց եւ սարկաւագ ձեռնադրեց  կիսասարկաւագ Ռոպէր (Գրիգոր) Պատիշահը, Զմմառու մայրավանքի շրջափակին մէջ։

 

Սուրբ Պատարագին արտասանած իր քարոզին մէջ, Արհիապատիւ հայրը ըսաւ. «Աստուածածինը թէ Յիսուսի թէ իւրաքանչիւրիս մայրն է, որուն կը դիմենք ամէն ատեն, աղօթելու եւ իր բարեխօսութիւնը հայցելու։ Աստուածամայրը ամենասուրբ Երրորդութենէն պսակուեցաւ թագուհի երկնքի եւ երկրի, թագուհի հրեշտակներուն եւ նահապետներուն, թագուհի մարտիրոսներուն եւ սուրբերուն, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն եւ Եկեղեցւոյ»։

 

Յաւարտ
սուրբ Պաստարագին, պատրիարքական միացեալ «Կռունկ» երգչախումբին կողմէ եւ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի խմբավարութեամբ երգուած հոգեպարար շարականներու եւ տաղերու սրբարար մթնոլորտին ներքեւ, գերապայծառ հայրը օրհնեց խաղողը, որ բաժնուեցաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբի տողանցքով, հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցաւ մայրավանքի թահլիճը, ուր գերապայծառ հայրը, Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր հայր՝ Միքայէլ  թ.ծ.վ. Մուրատեան, վանաբնակ հայրերը եւ ձեռնադրուած սարկաւագն ու իր ծնողքը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին։

Կէսօրուայ ժամը 13.00-ին, դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթը, մասնակցութեամբ Լիբանանի ներգին գործոց նախարար՝ պրն. Զիատ Պարուտի, Հայաստանի դեսպան՝ պրն. Աշոտ Քոչարեանի, պետական երեսփոխան՝ պրն. Սերժ Թուրսարգիսեանի վանքին բարեկամներուն եւ բարերարներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցական դասին ու ժառանգաւորներուն։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ