Պէյրութ
12 դեկտեմբեր 2011-ին, Լիբանանի մշակոյթի նախկին նախարար Սալիմ Ուարտէ այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս պատրիարքին հետ, ներկայութեամբ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի եւ հայր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը, քրիստոնեաներուն միջեւ գործակցութիւնը եւ անոնց ներկայութիւնը Լիբանանէն ներս: Ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Սալիմ Ուարտէ նշեց, որ ան թէեւ պաշտօնապէս չի գործէր քաղաքական մարզէն ներս, սակայն միշտ կը հետեւի քաղաքական կեանքին եւ վերջին զարգացումներուն: