ՎԱՐԴԻՆԷ ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ՝ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի փոխանորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեանը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ընկերային եւ մարդասիրական հարցերն ու տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու միջոցները:

Քննարկուեցան նաեւ եկեղեցւոյ վերաբերող կարգ մը հարցեր, յատկապէս` կարգ մը մարզերու մէջ եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական կացութեան, որուն շրջագիծին մէջ կոչ ուղղուեցաւ պատասխանատուներուն հայրենիքին շահերը ամէն բանէ աւելի բարձր նկատելու: