Ս. Պատարագ եւ հանդիսութիւն Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Ծննդեան 100-ամեակին առիթով

Բարձր հովանաւորութեամբ  Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ  Գրիգոր Պետրոս Ի.  կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին սաներու եւ Արիներու միութեան, շաբաթ, 9 Մարտ 2019-ի յետմիջօրէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ ապա հանդիսութիւն նուիրուած հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ծննդեան 100-ամեակին, ներկայութեամբ Ամենապատիւ Հոգեոր Տիրոջ, բարձրաստիճան եկեղեցականներու, նախարարներու, պետական երեսփոխաններու, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, մամլոյ պատասխանատուներու, հայր Սահակ Քէշիշեանի աշակերտներուն եւ մեծ թիւով զինք սիրողներու, որոնց մուտքին բաժնուեցան հայր Սահակի   պատկերը կրող կրծքանշաններ։

Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան պատարագեց եւ հոգեհանգստեան պաշտօն գլխաւորեց ի յիշատակ հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանին: Ան իր խօսքին մէջ մեծ դրուատիքով անդրադարձաւ հայր Սահակի կեանքին եւ գործին՝ շեշտելով, որ երջանկայիշատակ վարդապետը կեանքէն ու կեանքի նոյնիսկ ամենադաժան պայմաններէն գանգատելու ոչ մէկ պատճառ ու պատրուակ ցոյց տուած է: Ան եղած է մարդ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Աստուծոյ եւ ազգին: Մարդ մը, որուն կեանքի օրինակը եղած է հրաւէր մը զինք ճանչցողներուն ծառայելու, նուիրուելու, բարի գործ մը կատարելու: Մարդ մը, որ իբրեւ սկաուտ եւ սկաուտական խոստումին հաւատարիմ՝ ապրած ու գործած է մինչեւ խոր ծերութիւն: Հայր Սահակ ամբողջական առումով իր մեծութիւնը շուքի մէջ պահել ջանացող մեծութիւն մը եղած է։ Եղած է խստակրօն ու խստամբեր պայմաններուն տակ մեծասքանչ աշխատանք կատարող սրբակեաց մարդ մը: Իր խօսքին մէջ Գերապայծառը շեշտեց, որ Հայր Սահակ օժտուած է մարդկային անաղարտ բարեմասնութիւններով, հոգեւորականի սրբարար առաքինութիւններով, բայց մանաւանդ հայ մարդու բարձր արժանիքներով, ազգային հոգիով ու ոգիով:

Յետ պատարագին, հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ եւ մեծարեալին մասին վկայութիւններու արտասանութեամբ:

Այս բաժնին բացման խօսքը կազմակերպող միութեան կողմէ կատարեց պրն. Նազարէթ Ապունայեան:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին սաներու եւ Արիներու միութեան ատենապետ Գարլօ Աւագեան, որ արտայայտուեցաւ հայր Սահակին ունեցած ազդեցութեան մասին իր սաներուն վրայ: Ան նշեց, որ նմանօրինակ ոգեկոչումի ձեռնարկներ նոյն շրջանին տեղի պիտի ունենան նոյն ժամանակ աշխարհի  16 տարբեր  քաղաքներու մէջ: Պրն. Աւագեան  նշեց իր գլխաւորած միութեան  ծրագիրները:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի Արիներու անունով խօսք առաւ սկաուտապետ Սինթիա Ժըպրան։

Անձնական վկայութիւններով հանդէս եկաւ տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան, որ հաճելի,  հիւմըրներով լեցուն վկայութիւն մը տուաւ հայր Սահակի առօրեայէն, որ իր եւ իր սերնդակիցներուն յիշողութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն եւ աւելի կը շեշտեն հայր Սահակի համեստ ու պարզ մարդու նկարագիրը, ապա Յիսուսեան միաբանութեան եւ շրջանակին անունով՝ հայր Սահակը ճանչցած եւ անոր գործակից հայր Լուիս Պուէսոն:

Շնորհակալական եւ երախտագիտութեան խօսքով հանդէս եկաւ հայր Սահակի եղբօր թոռնիկը՝ պրն. Շանթ Քէշիշեան։

Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին սրտի խօսքով աւարտեցաւ այս տպաւորիչ հանդիսութիւնը: Իր խօսքին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց երախտագիտական զգացումին կարեւորութիւնը, որովհետեւ երախտագիտութիւնը արտայայտութիւնն է սիրոյ։

Հուսկ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին բաժնուեցան հայր Սահակին յիշատակը յաւերժացնող   յուշանուէրներ։