Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ
Շաբաթ, 24 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Զմմառու մայր տաճարին մէջ, Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցին առիթով, տեղի ունեցաւ Մարգարէութեանց ընթերցում և հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ Պատարագ, զոր մատոյց գերյարգելի Հ. Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան: Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան խորհուրդին, որուն միջոցաւ երկինքն ու երկիրը իրար կը միանան: Յիսուսի ծնունդով պատմութեան նոր էջ մը բացուեցաւ, սէրն ու արդարութիւնը տարածուեցան աշխարհի չորս ծագերուն: Այդ սիրոյ վրայ հիմնուեցաւ քրիստոնէական կրօնքը: Եթէ Քրիստոս չծնէր, քրիստոնէութիւնը գոյութիւն չէր ունենար, եւ մենք չէինք ապրեր այս խորհրդաւոր պահը Զմմառու վանքի այս դարաւոր յարկին ներքեւ եւ Տիրամօր հովանիին տակ: Ս. Պատարագի աւարտին, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան օրհնեց Մանուկ Յիսուսի մսուրը «Խորհուրդ մեծ և սքանչելի» շարականի երգեցողութեան միջոցին: Ապա խթման ընթրիք տեղի ունեցաւ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծաւոր Հայրը, վարչական վարդապետները, դպրեվանքի սաները և ժառանգաւորաց հարազատները: Այս առթիւ ներկայացուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը որուն ընթացքին Ս. Ծննդեան երգեր երգուեցան և Կաղանդ Պապային ժամանումով՝ ընտանեկան այս ջերմ մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ:
Ս. Ծննդեան Պատարագ
Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Զմմառու մայր տաճարին մէջ, Ս. Ծննդեան սուրբ և անմահ Պատարագ մատոյց Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան: Պատարագին ներկայ գտնուեցան վարչական հայրեր, ժառանգաւորներ և հաւատացեալներ: Իր քարոզին մէջ Գերապայծառ Հայրը անդրադարձաւ Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդին, որ համայն քրիստոնեայ աշխարհը կը տօնախմբէ այսօր: Ապա ան իր խօսքը ուղղելով՝ ներկաներուն ըսաւ. «Բեթղեհէմի քարայրին մէջ ծնած Մանուկ Յիսուսի լոյսը լուսաւորեց համայն աշխարհը: Այսօր հակառակ որ աշխարհը, մանաւանդ Միջին Արեւելքը, կը խարխափին պատերազմներու մէջ, մենք քրիստոնեաներս մեծ շուքով կը տօնախմբենք այս սուրբ տօնը, որովհետեւ Աստուած իր անհուն սէրը մեզի պարգեւեց Յիսուսի հրաշափառ ծննդեամբ և ամէն տարի Քրիստոսի Ծնունդը մեզմէ իւրաքանչիւրին նոր յոյս կը ներշնչէ, ապրելու համար Աստուծոյ շնորհքով լեցուած քրիստոնեավայել կեանք մը: Յիսուս երկինքէն իջաւ և մեր մէջ բնակեցաւ, որպէսզի մեզի սորվեցնէ թէ ինչպէս պէտք է իրարու հետ ապրինք՝ սիրով և ներողամտութեամբ: Սիրելինե՛ր իմ մաղթանքն է, որ Մանուկ Յիսուսը աշխարհը ողողէ իր աստուածային սիրով և սիրով լեցնէ մեր սրտերը, մեր ընտանեկան յարկերը, որովհետեւ առանց անկեղծ սիրոյ՝ ո՛չ խաղաղութիւն և ոչ ալ երջանիկ կեանք կայ, այլ կայ միայն անարդարութիւն եւ մահ»: Ս. Պատարագի աւարտին, ներկաները թափօրով ուղղուեցան դէպի Մայրավանքի դահլիճը, ուր յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ եւ փոխադարձ մաղթանքներ կատարուեցան, ըսելով. «Քրիստոս ծնաւ և յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս»: