ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՌԱԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի առթիւ, մարոնիթներու Կարդինալ Պշարա Ռաի Պատրիարքը , ընկերակցութեամբ մարոնիթներու Պէյրութի Առաջնորդ գերապայծառ Պուլոս եպիսկ. Մաթարին, ինչպէս նաեւ արհիապատիւ Սայեահ, Ալուան եւ Ապտելսաթեր եպիսկոպոսներուն, Շաբաթ, 31 Դեկտեմբեր 2016, ժամը 11-ին, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Կարդինալ Ռաի իր շնոհաւորութիւնները ու բարիմաղթանքները ներկայացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներուն եւ համայնքին։ Այնուհետեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց երկիրը յուզող հրատապ հարցերը եւ վերջին շրջանին արձանագրուած դրական եւ ապագայի մասին յուսադրիչ զարգացումները։ Երկու Հոգեւոր պետերը մաղթեցին որ այդ զարգացումները իրենց լրումին կը հասնին գալիք տարեշրջանին։