Հանդիպում Վսեմաշուք Ծիրանաւոր Լէոնարտօ Սանտրիին հետ
Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հայրապետը հանդիպեցաւ Արեւելեան Ժողովի նախագահ՝ Վսեմաշուք Կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրիին հետ։ Շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութիւններու ջերմ արտայայտութիւններէ ետք, միասնաբար քննարկեցին Հայ Կաթողիկէ համայնքին իրավիճակն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու դժուարին կացութեան մասին: Անոնք շեշտեցին միջ-համայնքային եւ քոյր եկեղեցիներու միջեւ կայանալիք համագործակցութիւններուն մասին:
Հանդիպում Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար` Վսեմաշուք Փիեթրօ Փարոլինի հետ
Չորեքշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2021-ի կէսօրէ ետք, նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքը հանդիպեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Վսեմաշուք Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ: Շնորհաւորութիւններու փոխանակումէն ետք, Հոգեւոր Տէրը ներկայացուց իր տեսլականը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արտաքին եւ ներքին առաքելութիւններուն եւ գործունէութիւններուն մասին տարբեր ծիրերէ ներս: Արժեւորելով Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսի Հայրերուն միասնական գործունէութիւնը, անոնք խօսեցան եպիսկոպոսներու ընտրութիւններուն ներկայացումին եւ ընթացակարգին մասին: Անոնք քննարկեցին նաեւ Հայաստանի կացութիւնը, անդրադառնալով մանաւանդ Արցախեան պատերազմէն ետք կայացած խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին։
Իտալիոյ «Քուիրինալէ» Նախագահական պալատին մէջ ընթրիք
Նոյն օրը երեկոյեան, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մասնակցեցաւ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ՝ Մեծարգոյ Սերճիօ Մաթարելլայի կազմակերպած պաշտօնական ընթրիքին, ի պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Մեծարգոյ Տիար Արմէն Սարգսեանին, որ ժամանած էր Իտալիա՝ վերարժեւորելու համար Հայ-Իտալական բարեկամական ու սիրոյ փոխ յարաբերութիւնները:
Խաղաղութեան համար կրօններու 35-րդ հաւաք
Հինգշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2021-ի կէսօրէ ետք, Հռոմի Քոլլոսիումի մէջ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Հալէպի թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Տէր Պետրոս Արքեպս. Միրիաթեանին, մասնակցեցաւ կրօններու խաղաղութեան նուիրուած 35-րդ հաւաքին, որուն բնաբանն էր՝ «Եղբայր ժողովուրդներ, ապագայ երկիր»: Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ ընթացք առած Սուրբ Էճիտիօ հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքը նախագահեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Ամենապատիւ Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին։
Վատիկանի մէջ ընթրիք ի պատիւ Հոգեւոր Տիրոջ
Իսկ երեկոյեան, Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական խորհուրդը ընթրիք սարքեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ընտրութեան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռի պաշտօնական հիւրանոցը՝ «Տոմուս Սանթա Մարթա»ի մէջ։ Եղբայրական ագապին մասնակցեցան Վսեմաշուք Կարդինալներ՝ Փիեթրօ Փարոլին եւ Լէօնարտօ Սանտրի, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Վսեմաշուք Կարդինալ Քուրտ Քոխ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․, Կ․ Պոլսոյ Պատրիարք Տէր Սահակ Բ.ը, եւ արհիապատիւ ու գերաշնորհ գերապայծառ հայրեր։ Հայրապետներն ու Վսեմաշուք Կարդինալները ջերմ զրոյցներով մեծապէս գնահատեցին եղբայրական փոխ յարաբերութիւնները։