Շաբաթ 30 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Զմմառու վանք այցելեցին՝ Ճուպպէի, Սարպայի եւ Ճիւնիի Մարոնի Առաջնորդ՝ Փօլ եպիսկոպոս Ռուհանան եւ թեմական քանանաները: Զմմառու վանքի մայր դահլիճին մէջ հիւրերը ընդունուեցան Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ եւ վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին կողմէ: Մեծաւոր Հայրը անդրադարձաւ Զմմառու վանքի պատմութեան մինչեւ Մեծ Եղեռնի օրերը եւ այսօր: Ապա յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին Մարոնի Հայրերը գոհունակութիւն յայտնեցին այս սիրալիր ընդունելութեան համար: Այնուհետեւ յարգոյ հիւրերը յաջորդաբար այցելեցին Մայր Տաճար, թանգարան, մատենադարան և գինեմառան: Աւարտին՝ անոնք իրենց հիացմունքը եւ գնահատանքը արտայայտեցին վանքի ճարտարապետական գեղեցկութեան եւ վանքին մէջ պահպանուած հարուստ ժառանգութեան համար:
ԼՈՒՐԵՐ
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀՐԱՇԱԳԵՂ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Չորեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր...
Ս. ՓՐԿԻՉ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Պէյրութի Պատրիարքական...