ՄԱՅՐՍ ՍՈՒՐԲ Է՝ «ՄԱՅՐ ԻՄ ԲԱՐԻ, ԴՈՒ ՍՈՒՐԲ, ԴՈՒ ՀԵԶ, ՉՈՒՆԵՍ ՉԱՐԻ ՈՉ ՄԻ ԹԵԼ…»

Նախագահութեամբ՝ Գերապայծառ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի, Պատրիարքական Փոխանորդ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին, կազմակերպութեամբ՝ «Ս. Փրկիչ» Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» Մշակութային Միութեան, Երեքշաբթի, 21 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7.00-ին, «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին մէջ, տեղի ունեցաւ «Մայրս սուրբ է» խորագրով մայրերու տօնին նուիրուած համերգ:

Վարդարանի ջերմեռանդութիւնը յաւելեալ ջերմութիւն ստացած էր այդ օրը, եկեղեցին լեցուն էր Աստուածամայրը երկրպագող մայրերով, որոնք սրտաբուխ աղօթքներ կատարելէ ետք պատրաստ էին ոգեշնչուելու օրուան համերգով:

Բացման խօսքով Քրիսթին Մարաշլեան նշեց, որ Մայիս ամիսը մեր երկնաւոր Մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած է, որուն բարեխօսութիւնը կը հայցենք, եւ Անոր ազդեցութիւնը կը գերազանցէ կրօնական սահմանները, կը ներթափանցէ մեր կեանքին, մեր մշակոյթին եւ մեր արուեստին մէջ, որուն կերպարին մէջ կը տեսնենք կարեկցանքն ու մայրական նուիրումը, այս պատճառով, հայերս միակ ազգը ըլլալով, նաեւ այս ամիս կը մեծարենք մեր երկրաւոր մայրերը, քանի որ անոնք եւս անբիծ եւ նուիրական են իրենց մայրութեամբ, որոնք անմասն չեն մնար մեր կեանքի ձեւաւորման գործընթացին: Քրիսթին անդրադարձաւ, որ արուեստին մէջ, նաեւ Մարիամ Աստուածածնի ազդեցութիւնը մեծ եւ բազմազան է, պատմութեան ընթացքին նկարիչներ ներշնչուած են անոր խաղաղ գեղեցկութենէն եւ Աստուածային շնորհքէն, մինչեւ իսկ ժամանակակից մեկնաբանութիւնները արուեստի եւ գրականութեան մէջ, Մարիամի կերպարը կը շարունակէ գրաւել եւ ոգեշնչել, ինչպէս՝ Զմմառու ցաւագին հրաշագործ Տիրամայրը, որ իր դէմքին վրայէն այդ հոսող ադամանդեայ արցունքներուն շիթերը կը խորհրդանշեն մեր մարդկային խեղճութիւններն ու տկարութիւնները, ան խորհրդածել տուաւ Հռոմի մէջ գտնուող, Նարեկի Տիրամօր ստեղծագործութիւնը, որ Արիէլ Աճեմեանը նկարած է, ոչ միայն Տիրամայրը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի նկարագրութեամբ, այլ հայացուած է, իր գեղեցկութեամբ ու հայ մօր յատուկ նայուածքով: Յայտնեց, որ եկեղեցւոյ դրան դիմաց արուեստագէտներ՝ Նորայր Պուտագեան եւ Նարինէ Մարգարեան, իրենց յատուկ ոճով կը նկարեն Աստուածամայրը: Աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Արուեստի գործերը, ոչ միայն կը պատուեն Մայր Աստուածածինը, այլեւ կը ներթափանցեն խոր հոգեւոր եւ զգացմունքային ճշմարտութիւններ: Անոնց մէջ կը տեսնենք ուրախութեան պահեր ինչպէս Աւետումը, Ս. Ծնունդը, Վերափոխումը ու Մարիամի վիշտի պահերը…»:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Զմմառեան ժառանգաւոր Եղբայր Աբրահամ Իսահակեանի «Աղաչեա վասն մեր» տաղի կատարողութեամբ, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Անթոնի Ղազալի, որմէ ետք Կարինէ Անդրանիկեան մեկնաբանեց «Պատրանքի Թեւով» շարականը, ապա Միրէյ Սաղպազարեան Քիւթիւքճեան՝ «Chercher avec toi», որուն յաջորդեց Գէորգ Տէմիրճեանի կատարողութեամբ «Իմ անուշ Մայրիկ» երգը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ Աստուածամօր վեհ ու օրինակելի արժանիքներուն մասին անդրադառնալէ ետք, հայ տիպար մօր կերպարը ներկայացուց, մէջբերեց նշանաւոր ու յայտնի դէմքերու խօսքերէն, եւ անդրադարձաւ իսկական հայ մայրերու անձնազոհութեան, մանաւանդ հայ նահատակ հերոսներու մայրերու նուիրուածութեան եւ արիութեան մասին: Ան համեմատական մը կատարեց անցեալի եւ ներկայի «արդիականացած» մայրերու միջեւ, խիստ քննադատեց այսօրուան այն մայրերը, որոնք համացանցային այլազան միջոցներով տարուած հիմնական արժէքներն ու արժանիքները կ’անտեսեն եւ պատճառ կը դառնան հայ ընտանիքներու քայքայման, այլասերման եւ կորստեան… Յորդորեց պահել հայ մօր անաղարտ դիմագիծը, որպէսզի հայ քրիստոնեայ ընտանիքները ամուր հաւատքով ու ազգային վեհ գիտակցութեամբ շարունակեն գոյատեւել…

Յայտագրի երկրորդ բաժինով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան՝ Անթոնի Օպայտ «Մամ» երգով, Կարինէ Անդրանիկեան՝ «Վարանիմք ի մեղաց» շարականով, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Քէյվըն Եուսէֆի, Աւետիս Քէշիշեան Պարոյր Սեւակի «Մօր Ձեռքերը» ասմունքով, սրինգի ընկերակցութեամբ՝ Կասիա Լեւոնեանի, Եղբ. Աբրահամ Իսահակեան, «Մինչ Օրրանէս» տաղով, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Անթոնի Ղազալի, եւ Միրէյ Սաղպազարեան Քիւթիւքճեան «Մնա մեր տան մէջ» տաղով, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ազնիւ Պաթիարի:

Հունգարիայէն ժամանած Գերյարգելի Հայր Մաշտոց Ծ.Վ. Զահթերեան բարձր գնահատեց «Ս. Փրկիչ» Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» Մշակութային Միութեան կազմակերպած այս ձեռնարկը, որ մեծ գոհունակութիւն պատճառեց:

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան իր կարգին գնահատելէ ետք սոյն նախաձեռնութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց օրուան համերգը:

Մուտքին բոլոր ներկաները գնահատեցին արուեստագէտներու ձեռամբ գծագրուած Աստուածամօր պատկերները:

 

Դիւան «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի»
Մշակութային Միութեան