ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ ԿԸ ՄԱՏՈՒՑԱՆԷ ՏԻՐԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Կիրակի, 13 Օգոստոս 2023-ի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Կաթողիկոսական թափօրի շքախումբը` վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Զմմառու Վանքի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոն, ուղեկցութեամբ Լիբանանի չորս ծագերէն ժամանած ուխտաւորներու։
Հայրապետական պատարագը մատուցեց` Ամեն.եւ Գերերջ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, առընթերակայութեամբ` Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի Տեսուչ` Գեր.Գրիգոր Վրդ.Պատշահի եւ փոխտեսուչ` Գեր.Կարապետ Վրդ.Գլընճեանի։
Ամեն.եւ Գերերջ.Հոգեւոր Տէրը` ամենայն մանրամասնութեամբ եւ խորիմաստ կերպով մեկնաբանեց օրուան խորհուրդը` վեր առնելով Տիրամօր առաքինութիւններն ու արժանիքները եւ թէ ինչո՞ւ համայն քրիստոնեայ աշխարհը կը մեծարէ Զինք եւ իր բարեխօսութիւնը կը հայցէ։
Հայրապետը շնորհաւորեց Տիրամօր Վերափոխման տօնը եւ հոգեպարար արարողութեան աւարտին` օրհնեց օրուան խաղողները։ Ըստ հայկական սովորութեան, հաւատացեալները օրհնուած խաղողները իրենց բնակարանները տանելով կ’աւելցնեն իրենց տան բերքին վրայ , որ ան եւս օրհնուի։
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պատարագի, Դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ Եղբայրական ագապ, ուր բեկանուեցաւ Մեծաւոր Հօր քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանի կարկանդակը։