ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ

Կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 2․30-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկինը՝ Աննա Յակոբեան, ընկերակցութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան, այցելեցին Զմմառու վանք, ուր դիմաւորուեցան վանքի մեծաւոր եւ Զմմառու  Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Գաբրիէլ թ․ ծ․ վ․ Մուրատեանի, Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Արհի․ Գէորգ Եպիսկ․ Ասատուրեանի, Արհիապատիւ Գէորգ Արքեպիսկ․ Խազումեանի, Արհի․ Մանուէլ Եպիսկ․ Պաթագեանի, միաբան հայրերու,  նորընծաներուն, ինչպէս նաեւ պետական երեսփոխան Ժան Թալուզեանի, Զմմառու քաղաքապետի, հայ կաթողիկէ կառոյցներու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ։

Հրաշագործ Տիրամօր մատուռին մէջ, կարճատեւ ամփոփումի պահէ մը ետք, որուն ընթացքին նորընծաները հնչեցուցին միաբանութեան օրհներգն ու շարականներ, վանքի դահլիճին մէջ խօսք առնելով, վանքին Մեծաւոր Հայրը ողջունելէ ետք մեծարգոյ հիւրը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան անդամները, հակիրճ  անդրադարձ  մը կատարեց շուրջ 300 ամեայ վանքի պատմութեան իբրեւ ոչ միայն հոգեւորականներու դարբնոց, այլ հոգեւոր արժէքներու, հայկական մշակոյթի, հայագիտութեան, դպրութեան օճախ, վստահեցնելով որ Զմմառու միաբանութիւնը միշտ նախանձախնդիր եղած է Մայր Հայրենիքի՝ Հայաստանի զարգացման ու բարգաւաճութեան, հայրենաբնակ ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայկական պետութեան հզօրացման։ Իր խօսքի աւարտին, Գերապայծառ Մուրատեան՝ Միաբանութեան անունով ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարին նուիրեց Զմմառու Տիրամօր գեղակերտ լուսանկարը։

Իր կարգին խօսք առնելով, Նիկոլ Փաշինեան արտայայտեց իր ուրախութիւնը եւ շնորհակալութիւնը ջերմ ընդունելութեան եւ այսպիսի հնադարեան հայկական հոգեւոր կեդրոնի մը մէջ գտնուելուն համար։ Ան շեշտեց Հայաստանի եւ վանքին ու միաբանութեան միջեւ կապերը սերտացնելու եւ համագործակցութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւնը։

Այնուհետեւ, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը եւ հայկական պատուիրակութեան անդամները առաջնորդութեամբ Մեծաւոր Հօր շրջայց կատարեցին վանքին զանազան բաժինները՝ սկսելով մայր տաճարէն, ապա թանգարանը, մատենադարանը, գինեմարանը։

Աւելի քան ժամ մը տեւած այս պատմական այցելութիւնը վերջ գտաւ ներկաներուն բարեմաղթանքներով եւ յիշատակի լուսանկարներով։