2 յունիս 2018, շաբաթ յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան-գիտութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւններու ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ կրթութեան եւ գիտութեան փոխ նախարար Յովհաննէս Յովհաննէսեանի եւ ուղեկցութեամբ ՀՀ Լիբանանի դեսպանութեան կցորդ Վլատիմիր Պօղոսեանի, այցելեց Հայկաթողիկէ պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղան ժողովրդապետ հայր Սեպուհ վրդ․Կարապետեան եւ օգնական ժողովրդապետ տէր Կարապետ Յովհաննէսեան։
Շուրջ ժամ մը տեւած եւ առաւելաբար ծանօթացման հանդիպումի ընթացքին, հիւրերը անդրադարձան իրենց գերատեսչութիւններու ծրագիրներուն եւ այնուհետեւ ջերմ մթնոլորտի ներքեւ տեղի ունեցած զրոյցը շօշափեց կրթութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ու գործակցութեան հայող հարցեր։