ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Հիմնադրուած 1939-ին, Պէյրութ, Լիբանան

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին պատկանող կրթական երկսեռ հաստատութիւն մըն է՝ մանկամսուրէն մինչեւ լիբանանեան պաքալորէայի աւարտական դասարանները ընդգրկող բոլոր բաժիններով։

Վարժարանին կրթական ծրագիրները կը կատարուին քառալեզու համակարգի գործադրութեամբ՝ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն։ Վարժարանին կրթական համակարգը կը համապատասխանէ լիբանանեան պետական ծրագրի պահանջներուն, իսկ իբրեւ ազգային եւ քրիստոնէական կրթական հաստատութիւն, էական ուշադրութեան կ՛արժանանայ աշակերտներու հայեցի, քրիստոնէական  հոգեմտաւոր դաստիարակութիւնը` հայերէնի, գրականութեան, պատմութեան եւ կրօնագիտութեան դասանիւթերով, ինչպէս նաեւ արտադասարանային զանազան աշխատանքներով եւ հանդիսութիւններով:

Մեսրոպեան վարժարանը հիմնուած է 1939-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգորիս Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին նախաձեռնութեամբ։ Ծնունդ առած է շատ համեստ պայմաններու մէջ եւ տարուէ տարի զարգանալով, վերածուած է լիբանանահայ համայնքի առաջատար կրթական հաստատութիւններէն մէկուն։ Վարժարանի տնօրէններ եղած են Հայ կաթողիկէ Զմմառու միաբանութեան հայրեր՝ Հայր Պօղոս Պզտիկեան (1939-1951), Հայր Պօղոս Արիս (1951-1952), Հայր Մեսրոպ Թերզեան (1952-1958), Հայր Կղեմէս Մալճեան (1958-1961), Հայր Գրիգորիս Կապրոյեան (այժմու Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց, 1961-1969), Հայր Մեսրոպ Ճուրեան (1969-1981), Հայր Եղիա Եղիայեան (1981-1992),  Հայր Գէորգ Եղիայեան (1992-2001): Ներկայիս տնօրէնն է պարոն Կրէկուար Գալուստ:

Հաստատուած ըլլալով լիբանանահայ համայնքի կարեւորագոյն կեդրոնը համարուող Պուրճ Համուտ քաղաքին մէջ, վարժարանին գործունէութիւնը նշանակելի ազդեցութիւն եւ դրոշմ արձանագրած է 1920-ական թուականներուն Կիլիկիոյ պարպումին հետեւանքով Լիբանանի մէջ կեանքի կոչուած հայկական գաղթօճախի ընկերատնտեսական եւ կրթամշակութային կեանքի ձեւաւորման վրայ։

1939 թուականէն սկսեալ տասնեակ հազարաւոր հայ տղաք եւ աղջիկներ շրջանաւարտ եղած են Մեսրոպեանէն, իրենց ուսման ճամբան շարունակելու համար համալսարանական բարձրակարգ հաստատութիւններու մէջ՝ Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս։ Այդ շրջանաւարտներէն շատեր բարձր գնահատանքի արժանացած մասնագէտներ են գործի զանազան ասպարէզներու մէջ, ինչպէս նաեւ գործունեայ անդամներ՝ հայկական ընկերութեան մէջ։

Վարժարանի ուսուցչակազմին կորիզը կը կազմեն համալսարանաւարտ բարձրակարգ մասնագէտներ եւ փորձառու մանկավարժներ, որոնք հետեւողականօրէն կը մասնակցին վերապատրաստման ծրագիրներու` թարմացնելու եւ զարգացնելու համար իրենց մանկավարժական գիտելիքները ։ Վերաորակաւորման նորագոյն աշխատանքները կ՛իրականանան գլխաւորաբար Լիբանանի Սէն Ժոզէֆ համալսարանին, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանին հետ, վերջինի պարագային՝ հովանաւորութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան:

Աշակերտներու բազմակողմանի զարգացման համար վարժարանը սերտօրէն կը համագործակցի տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ: Մեսրոպեանի աշակերտները կը մասնակցին ֆրանսերէնի DELF քննութիւններուն, արհեստագիտութեան զարգացման STEM միջազգային ծրագրին, աշակերտներու միջ-անձնային յարաբերութիւններու զարգացման Սէն Ժոզէֆ համալսարանի վարժողական ծրագրին, գիտելիքներու խորացման TAMAYYAZ ծրագրին եւ այլն: Դպրոցէն ներս կը գործէ յետ-դասարանային ուսուցման ծրագիր՝ օժանդակելու համար աշակերտներու յառաջադիմութեան:

Վարժարանին մէջ կը գործէ Հոգեւոր վարիչի գրասենեակը, որ գործակցաբար Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, կը հոգայ աշակերտներու հոգեւոր-քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ գործունէութեան կարիքները:

Մեսրոպեան վարժարանի ենթակառոյցը գտնուած է շարունակական բարելաւման ընթացքի մէջ: Առանձին մասնաշէնքերու մէջ կը գործեն վարժարանի մանկապարտէզը, նախակրթարանը, երկրորդականի բաժանմունքը, Արուեստից վարժարանը՝ բարեկարգ դասարաններով: Վարժարանը ունի մանկամսուր` Ալիս Ներկիզեանի անուան, երկու գրադարան, գիտաշխատանոց եւ 2 լսարան: Վարժարանի երկրորդական դասարանները օժտուած են լսատեսողական միջոցներով, մինչ մանկապարտէզին մէջ կը գործեն interactive board-եր, քայլ պահելով կրթական արդիական մեթոտներուն եւ միջոցներուն հետ:

Գեղարուեստը, մարմնամարզը, սկաուտական աշխատանքները, գեղարուեստական ձեռնարկներու աշակերտներու ներկայութիւնը եւ միջդպրոցական մարմնամարզական եւ դաստիարակչական միջոցառումներու մասնակցութիւնը Մեսրոպեանի մէջ կը դիտուին իբրեւ կրթական համակարգի եւ ուսումնառութեան գործընթացի կարեւորագոյն բաղադրամասեր։ Մեսրոպեանի “Ծիծեռնակ” երգչախումբն ու “Շուշի” պարախումբը նշանակալի տեղ կը գրաւեն լիբանանահայ մանկակական եւ երիտասարդական գեղարուեստի խումբերուն մէջ: Աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Սուրբ Մեսրոպի Արիներու սկաուտական խումբը: Կը գործէ Մեսրոպեանի շաբաթօրեայ մարմնամարզի եւ գեղարուեստի խմբակներու դասընթացքը, որուն աւարտին իւրաքանչիւր տարի հանրութեան համար կը ներկայացուի յատուկ հանդիսութիւն:

2001-2014 Մեսրոպեանի հարուստ կեանքի հայելին եղաւ վարժարանի ամսաթերթ «Մեսրոպեան Լրաբեր»ը, որ տպագիր հրատարակուեցաւ այդ ժամանակամիջոցին եւ ներկայիս կը հրատարակուի առցանց: Վարժարանը պարբերաբար կը կատարէ տարբեր բնոյթի հրատարակչական աշխատանքներ, որոնց նորագոյններէն էր վարժարանի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով լոյս տեսած գիրքը: Վարժարանի կայքէջն ու ընկերային ցանցերու լրատուամիջոցները ունին հազարաւոր հետեւորդներ. վարժարանը կանոնաւոր հաղորդագրութիւններով հանրութիւնը կ՛իրազեկէ նորութիւններուն եւ ծրագիրներուն մասին:

Մեսրոպեանի գործունէութեան մէջ կարեւորութեամբ ընդգծելի է անոր օժանդակ մարմիններուն՝ ծնողական յանձնախումբին, Նախկին Սաներու Միութեան եւ աշակերտական խորհուրդներուն ներդրումը:

Մեսրոպեանի մէջ շէնքային պայմաններու բարելաւման եւ ընդհանուր բարեզարդման աշխատանքները կը կրեն հետեւողական բնոյթ: Վարժարանի բակին մէջ կը կանգնի Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած յուշարձանը, որ իւրայատուկ կոթող մըն է համասփիւռքեան չափանիշով։ Անոր կողքին կայ “Հաւատարմութեան Շատրուան”ը, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: Վարժարանի տեսչական բաժանմունքը, որ կառուցուած էր օրին վարժարանի տնօրէն՝ այժմու Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին նախաձեռնութեամբ, 2016-ին կոչուեցաւ անոր անունով:

Տարիներու ընթացքին, Մեսրոպեանի կողքին կանգնած են հայկական, լիբանանեան թէ միջազգային բազմաթիւ բարեգործական հաստատութիւններ, ինչպէս «Գ. Կիւլպենկեան» եւ «Պօղոսեան» հիմնադրամները, World Vision-ը, USAID-ը, CRS-ը, «LINCY» հիմնարկը, Սուրբ Աթոռին ենթակայ հաստատութիւններ, իտալական Պրեշիա քաղաքի DMS Onlus կազմակերպութիւնը, եւրոպական “Alliance Arménienne”ը, “Ռաֆիք” հիմնադրամը եւ այլ մարմիններ։

Անհատ բարերարներուն մէջ առանձնապէս յիշատակելի է անունը պրն. Վարուժ Ներկիզեանին, որուն բարոյական եւ նիւթական նեցուկը էական նշանակութիւն ունեցած է Մեսրոպեանի վերելքին մէջ։

2016-2017 տարեշրջանին Մեսրոպեան Բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւն էր 1108, իսկ անձնակազմինը` 153:

Մեսրոպեանի գործունէութիւնը լայնօրէն գնահատուած է լիբանանեան, հայկական եւ հայաստանեան շրջանակներուն մէջ. այդ գնահատանքի արտայայտութիւնն են բազմաթիւ պատուոգրեր եւ մրցանակներ, զորս վարժարանը ստացած է պետական եւ ակադեմական մարմիններէ:

Մեսրոպեանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կրնաք այցելել վարժարանի պաշտօնական կայքէջը`

www.mesrobian.com

FB էջը` mesrobiancollege

եւ youtube-ի էջը` www.youtube/mesrobiancollege