ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւնը (ՀԿՀՄ) հիմնուած է 1995 թուականին, հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, հիմնադիր ունենալով գերյարգելի Հայր Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը:

Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւնը, որպէս համայնքային կազմակերպութիւն, իր դիմագիծին անզիջելի յատկանիշ կը նկատէ քրիստոնէական եւ հայ ազգային պատկանելիութիւնները:

ՀԿՀՄ-ի հայկական դիմագիծը կը դրսեւորուի իր ամբողջական կառչածութեամբ հայկական արժէքներուն, մշակոյթին, լեզուին, հայ ծէսին եւ պատմութեան: Միութիւնը իր  գործունէութեամբ ու գործելաոճով կու գայ ապացուցանելու, որ անզիջող է իր դաւանած սկզբունքներուն, կրօնական ու ազգային արժէքներուն կառչածութենէն, եւ ասոր շօշափելի ապացոյցը կը հանդիսանան Միութեան տարեկան միջոցառումներն ու ձեռնարկները, որոնց մանրամասնութիւնները լոյս կը տեսնեն Միութեան «ՑԱՅԳ» պարբերաթերթին մէջ:

Միութիւնը տարիներէ ի վեր ամենամեայ դրութեամբ կը կազմակերպէ արգացման Մրցում մը, լիբանանահայ 13 երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն համար պատրաստելով գրքոյկ մը, նպատակ ունենալով անոնց մօտ զարգացնել հայերէնագիտական նիւթերու գիտութիւնը:

ՀԿՀՄ-ը ամէն տարի կը ստանձնէ Հայ կաթողիկէ համայնքէն ներս Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու կազմակերպչական աշխատանքները: Նոյնպէս, տասնեակ մը տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ լիբանանահայ 13 երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն համալսարանական ուսումնառութեան հնարաւորութիւններու մասին ցուցմունքներ տուող ձեռնարկ մը՝ «BRIGHT» խորագրով, Լիբանանի տարածքին գործող համալսարաններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ, հայ աշակերտին համալսարան մուտքը դիւրացնելու նպատակով:

Ասոնց կողքին, Միութիւնը կազմակերպած է.-

– Հայրենի արուեստագէտ Սարգիս Սարգսեանի ձեռագիր մատեաններու ցուցահանդէս (հովանաւորութեամբ եւ գործակցութեամբ Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան):

– Լիբանանահայ լրագրող եւ խմբագիր Սարգիս Նաճարեանի՝ «Ֆրանչիսկոս… Աղօթեցէք ինծի համար» գիրքին շնորհահանդէս:

– «Անլռելի, Անկրկնելի Պարոյր Սեւակը» խորագիրը կրող մշակութային ձեռնարկ, որուն առիթով Պէյրութ հրաւիրեց մեծանուն բանաստեղծին թոռը՝ Սեւակ Ղազարեանը:

– Երեւանի Պետական Համալսարանի պատուիրակութեան հետ հանդիպում:

– Երեւանի Պետական Համալսարանի պատուիրակութեան հանդիպումը լիբանանահայ 13 վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտութեան հետ:

– «Հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը քաղաքական, մշակութային եւ ընկերատնտեսական դիտանկիւններէ» նիւթով դասախօսական ձեռնարկ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ, մասնակցութեամբ լիբանանահայ երեք օրաթերթերու խմբագիրներուն:

– Հայ տպագրութեան եւ հայ առաջին տպագիր գիրքին՝ «Ուրբաթագիրք»ին 500-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

– Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի՝ «Խօսէ Ինծի Հայ Եկեղեցիի Մասին» գիրքի շնորհահանդէս:

– «Ընկերային Ցանցերը ընդդէմ Միութիւններուն» թեմայով կլոր սեղան:

– Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւն:

– Հայ գիրերու գիւտի 1600-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

– «Հայ Երգին Արդիականացումը» թեմայով դասախօսական երեկոյ, Լիբանանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ղեկավար՝ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի հետ:

– Լիբանանահայ գաղութի ականաւոր դէմքերէն՝ Հայր Պօղոս վրդ․ Արիսի նուիրուած հանդիսութիւն:

– Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած ձեռնարկ:

– Դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի մենագրութիւններու շնորհահանդէս: