Անցեալ 22 Յունիսին Լիբանանի Զմմառու մայրավանքին մէջ կայացած սիւնհոդոսը չէր կարողացած ընտրել Պատրիարքը, տրուած ըլլալով որ թեկնածուներէն ոչ մէկը հաւաքած էր քուէներու երկու երրորդը, ինչպէս նախատեսուած է Արեւելեան Եկեղեցիներու եկեղեցական կանոնագրութեան մէջ։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Երկուշաբթի, 20 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանէն ներս մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով սկիզբ առաւ Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն ընտրական Սիւնհոդոսը, նախագահութեամբ Վսեմաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին` Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը։
Բացումը Սուրբ Պատարագով
Աշխարհի տարբեր վայրերէն Հռոմ ժամանած եպիսկոպոսները գլխաւորութեամբ Հալէպի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան թափուր աթոռի կառավարիչ՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանի պիտի ընտրեն անցեալ Մայիս 25-ին իր մահկանացուն կնքած երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոսի Ի․ կաթողիկոս Պատրիարքին յաջորդը։
Ժողովին մասնակցող եպիսկոպոսները
Ժողովին կը մասնակցին, Արհի․ Պետրոս Արք․ Միրիաթեան, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ` գերապայծառ Լեւոն Արք. Զէքիյեան, Հայաստանի, Վրաստանի Ռուսիոյ ու Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Արհի․ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան, Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի օգնական եպիսկոպոս` գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարքական Էքզարքութեան առաջնորդը` գերապայծառ Յովսէփ Եպիսկոպոս Առնաութեան, Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսան, Արժանթինի Պուէնըս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ` Արհի. Պօղոս Եպիսկոպոս Հաքիմեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Տիրամայր Նարեկի թեմի առաջնորդ Արհի. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան, Ֆրանսայի Փարիզի Սուրբ Խաչ թեմի առաջնորդ Արհի. Եղիա Եպիսկոպոս Եղիայեան, Իրանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ` Սարգիս Եպիսկոպոս Դաւիթեան, Փարիզի հայ կաթողիկէ թեմի երբեմնի առաջնորդ Արհի. Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեան եւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէներու երբեմնի առաջնորդ` Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեան։
Բացակայ եպիսկոպոսներ
Բացակայ են Լիբանանէն ծանր հիւանդութեան պատճառաւ` Արհի. Մանուէլ Եպիսկոպոս Պաթաքեան եւ Պրազիլէն Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեան` Քովիտ-19 համաճարակին որոշ սահմանափակումներու բերումով։
Նշենք, թէ անցեալ 22 Յունիսին Լիբանանի Զմմառու մայրավանքին մէջ կայացած Սիւնհոդոսը չէր կարողացած ընտրել Պատրիարքը, տրուած ըլլալով որ թեկնածուներէն ոչ մէկը հաւաքեց քուէներու երկու երրորդը, ինչպէս նախատեսուած է Արեւելեան Եկեղեցիներու եկեղեցական կանոնագրութեան մէջ։
Ընտրական նիստերը 22 Սեպտեմբերին
Յայտնենք, թէ Սուրբ Պատարագէն ետք Սիւնհոդոսական հայրերը պիտի ամփոփուին երկօրեայ հոգեւոր կրթութեան մէջ ապա չորեքշաբթի 22 Սեպտեմբերին պիտի սկսին ընտրութեան նիստերը, նախագահութեամբ միշտ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին։
Աղօթքի խնդրանք
Կիրակի օր` 19 Սեպտեմբերին Լեւոնեան Ք. Վարժարանէն ներս մատուցած կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Արհի. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան հաւատացեալներէն խնդրեց, որ աղօթքով ընկերանան սիւնհոդոսական նիստերուն, որպէսզի ըսաւ Ան «Սուրբ Հոգւոյն ներշնչումով ժողովական հայրերը կարողանան ընտրել իրենց միջեւ յարմարագոյնը` որպէսզի ան դառնայ «Գլուխ եւ Հայր» Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան։