«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 2019-ի կէսօրին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, որուն կ’ընկերանար Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Վահագն Աթաբեկեան։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողքին հանդիպումին ներկայ եղան Գերապայծառ Մանուէլ Եպիսկ. Պաթագեան, Գերապայծառ Գէորգ Արք. Խազումեան, Գամիշլիի ժողովրդապետ հայր Անդրանիկ վրդ. Այվազեան, Հիմնադրամի Լիբանանի մարմնին մօտ հայ կաթողիկէ ներկայացուցիչ Գրիգոր Թերզեան եւ Հայ կաթողիկէ «ԻՒՄԱՆԻԹԱՍ» բարեսիրական միութեան նախագահ Միհրան Նաճարեան։ Խօսակցութիւնը շօշափեց Լիբանանի ներկայ տագնապալի վիճակին հետեւանքով լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ յատկապէս ընկերային եւ տնտեսական խնդիրները, ինչպէս նաեւ Համահայկական Հիմնադրամին ծաւալած գործունէութիւնը, որուն շրջագիծէն ներս Պր. Արշամեան տեղեկացուց Համահայկական Հիմնադրամին եւ Արցախի պետութեան կողմէ լիբանանահայ վարժարաններուն կատարուած հարիւր հազար եւ յիսուն հազար ամերիկեան տոլարի յատկացումի մասին։

Հանդիպումի աւարտին, ՀՀ դեսպանը, Հիմնադրամին տնօրէնը եւ հանդիպումին ներկաները կէսօրուան ճաշով հիւրընկալուեցան Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ։