ՀԱՅԱԾԷՍ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ՝ ՍՈՒՐԲ ՊԵՏՐՈՍԻ ՇԻՐԻՄԻՆ ՄՕՏ

Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասին՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին տուած հնգամեայ կանոնական այցելութեան ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 18 Փետրուարի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս տաճարի գետնադամբանի՝ Սուրբ Պետրոսի շիրիմին կից հայածէս սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցանեց, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ Արհի. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան:

Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Արեւելեան եկեղեցիներու պատկան եպիսկոպոսները, որոնց կ’ընկերանար Պոսթոնի Սուրբ Խաչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Միքայէլ Վրդ. Պասալէ։ Սուրբ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանի սաները:

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Արհի. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան ի մէջ այլոց ըսաւ. «Եկած ենք առաքեալներու իշխանին՝ Սուրբ Պետրոսի շիրիմին սեմին վերանորոգելու մեր հաւատքի դաւանանքը, որպէս յաջորդները առաքեալներուն եւ հովիւները մեզի յանձնուած թեմերուն եւ հօտին:

Ունինք անշուշտ մեր դժուարութիւնները՝ ըլլան անոնք հոգեւոր կամ նիւթական: Սուրբ Պետրոս լաւագոյն օրինակն է, որուն կրնանք հետեւիլ: Ինքն ալ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն՝ ի գին արեան եւ կեանքին, չվարանեցաւ վկայելու Խաչեալ բայց մանաւանդ Յարուցեալ Քրիստոսի մասին:

Վերանորոգենք ուրեմն մեր ուխտերը վստահելով Յարուցեալ Քրիստոսին, որովհետեւ Ինքն է նաւապետը եւ գլուխը եկեղեցւոյ: Մենք Տիրոջ այգիին մէջ պարզապէս ծառաներ ենք:

«Մեզի յանձնուած հաւատացեալները առաջնորդենք, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ., մեր հայեացքը կեդրոնացնելով Յիսուս Քրիստոսին վրայ՝ միակ եւ ճշմարիտ փրկիչը մարդկութեան» ըսաւ գերապայծառ Մուրատեան որ ապա Սուրբ Զոհի աւարտին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եկեղեցիներու եպիսկոպոսները հրաւիրեց անգլերէն լեզուով միասնաբար աղօթելու Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը:

 

ՎԱԶԳԷՆ ԱԲԱՐԴԵԱՆ

Ռատիօ Վատիկան