Լիբանանի հայկական միութիւններու եւ հայորդիներու թանկագին ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ այս տարի եւս ապրիլ ամսուան ընթացքին համազգային շուքով պիտի տօնենք Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը եւ պիտի վերանորոգենք մեր պահանջատիրական սրբազան ուխտը։
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք բոլորիդ, որ 15-30 ապրիլի օրերուն դադրեցնէք ամէն տեսակի միութենական եւ անհատական խրախճանքային ձեռնարկները ու ձեր մասնակցութիւնը բերէք եւ զօրակցութիւնը յայտնէք Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած նախաձեռնութիւններուն։
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմին
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Ազգային Առաջնորդարան Լիբանանի Հայոց