Ուրբաթ, 1 Յունիսի երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան եւ Սփիւռքի նախարարութիւններու ներկայացուցչներրուն եւ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու ու պատասխանատուներու միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ կցորդ Վլատիմիր Պօղոսեան։ Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի զոյգ նախարարութիւններուն ներկայացուցիչները, որոնք Լիբանան կը գտնուին խորհրդակցութիւններ ունենալու համար լիբանանահայ կրթական մարզի պատասխանատուներու հետ, ներկայացուցին լիբանանահայ ուսանողներուն համար Հայաստանի մէջ տարբեր մարզերէ ներս բարձրագոյն եւ մասնագիտական կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան հայերէնի դասաւանդման, մասնաւորաբար համապատասխան դասագիրքերու պատրաստութեան խնդիրները։
ԼՈՒՐԵՐ
ՆՈՐ ԱՆՈՒԱՆՈՒՄ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Պէյրութ, Հայ Կաթողիկէ...
ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ
Ամենապատիւ Հոգևոր Տէր...
ՍՐՏԻ ԽOՍՔ՝ «ՄԱՍԻՍ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԻ 75-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ – Դոկտ․ Աբէլ Քհնյ․ Մանուկեան
«Միջերկրական ծովու...