ԻՐ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՄԷՋ ՊԱՊԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

25 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հռոմի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած  շուրջ 60000 հաւատացեալներու ներկայութեան արտասանած  իր աւանդական Urbi et Orbi (Հռոմ քաղաքին եւ աշխարհին) Ծննդեան պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միջազգային ընտանիքին կոչ ըրաւ «կակուղցնելու յաճախ կարծրացած  եւ եսասէր դարձած մեր սիրտը, ժպիտ տալու համար համայն աշխարհի մանուկներուն, որոնք լքուած  են կամ բռնութիւններու զոհ»։ Ան առաջին հերթին անդրադարձաւ Միջին Արեւելքին, ուր – ըսաւ Ան – մանուկներ կը կրեն պատերազմի եւ հակամարտութիւններու հետեւանքները։

Պապը, որ շաբաթ մը առաջ նշեց իր 83 ամեակը,  Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ բացուող իր պատշգամէն արտասանած խօսքին մէջ,  զօրակցութիւնը յայտնեց «սիրելի սուրիացի ժողովուրդին, որ տակաւին չի տեսներ տասնամեակէ մը ի վեր շարունակուող տառապալի կռիւներուն վախճանը։ Ան կոչ ըրաւ կառավարութիւններուն եւ միջազգային համայնքին՝ գտնելու լուծումներ, որոնք կ’երաշխաւորեն  շրջանի ժողովուրդներուն անվտանգութիւնը եւ խաղաղ համակեցութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը  յատուկ կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանցի ժողովուրդին, որ «ցնցուած է  աննախընթաց քաղաքական բողոքի շարժումի մը հետեւանքով», ըսաւ Ան, յոյս յայտնելով որ «երկիրը շուտով կը վերագտնէ բոլորին համար ազատութեան եւ ներդաշնակ համակեցութեան  պատգամ մը ըլլալու իր կոչումը»։