Երեսփոխան Բագրատունի եւ նախարար Կիտանեան այցելեցին Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ` 31 հոկտեմբերին, այցելեցին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի.  Կաթողիկոս Պատրիարքին, ու քննարկեցին կառավարութեան կազմութեան օրակարգը եւ այդ կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութեան խնդիրը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Տէր Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մանուէլ եպս. Պաթաքեան:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը լայնօրէն ներկայացուց կառավարութեան կազմութեան անցնող ամիսներու հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչութեամբ ի գործ դրուած ճիգերը: Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, յատկապէս ընկերային եւ կրթական մակարդակներու վրայ:

Հանդիպումի աւարտին Յակոբ Բագրատունի եւ Աւետիս Կիտանեան եղան հայ կաթողիկէ հոգեւոր տիրոջ ճաշի հիւրերը: