ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՑՈՒՄ

Կիրակի, 16 Յունուար 2022-ին, Պէյրութի Կեդրոնի Սուրբ Եղիա – Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացման արարողութիւնը ի ներկայութեան Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին նաեւ Լիբանանի մօտ առաքելական Նուիրակը` գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերի, Մարոնիներու Պատրիարքը Պշարա Պութորոս Ռայի, Ասորիներու Պատրիարքը Եուսէֆ Եունան, Մելքիդներու Պատրիարք` Ժոզէֆ Ապսի, ապա Լատին Եկեղեցւոյ առաջնորդ գերապայծառ Սեզար Եսայեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Վերապատուելի Մկրտիչ Քարակէօզեան, Քաղդէացիներու եպիսկոպոս` Միշել Քսսարճի, Ասորի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Եպիսկոպոս` Ժորժ Սալիպա, Ղպտի եւ Ասորի եկեղեցիներու եպիսկոպոսները։

«Շնորհակալ եմ ձեզի ինծի ընծայած այս թանկագին առիթին համար» այս խօսքերով է, որ Ամենապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը սկիզբ տուաւ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացման արարողութեան առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան։
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Պատրիարքը վերակոչեց իւրաքանչիւր քրիստոնեայի ապաշխարութեան աղօթքը. «Ներէ ինծի Հայր` որովհետեւ մեղանչեցի մտքով, խօսքով, գործերով եւ զանցառութեամբ», հրաւիրելով այսօր եւս կրկնելու այդ աղօթքը եւ Տիրոջմէ հայցելու ներում` «մեր եկեղեցական միութեան դէմ գործած մեղքին համար»։

Մեղանչեցինք միութեան դէմ
«Մենք մեղք գործեցինք եւ պէտք է ապաշխարենք եւ խուսափինք այն ճանապարհներէն, որոնք մեզ կը տանին դէպի մեղքը, քանի` որ զղջումը ոչ միայն խօսքերով է, այլեւ գործով» հաստատեց Ռաֆայէլ Պետրոսի ԻԱ, նկատել տալով` որ «շատ անգամ խօսքերը չեն համապատասխաներ գործերուն» եւ «մինչ կը փափաքինք միութիւնը, չենք հասկնար անոր լիարժէք իմաստը»։
«Մենք ցրուած ենք երկրագունդի վրայ եւ ինկած ենք անհատական ​​եւ հաւաքական եսասիրութեան դղրդման մէջ ու մոռցած ենք ինքնին՝ մեր Փրկչին: Մենք վերլուծած ու բացատրած ենք փրկագործութեան խորհուրդը մեր կամքի եւ մեր անձնական հայեցակարգի համաձայն, բայց մոռցած ենք անոր իսկական նպատակը, որ փրկութիւնն է» ըսաւ ի մէջ այլոց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայրապետը, նկատել տալով` որ «մենք քրտնաջան եւ յամառօրէն աշխատած ենք միասնութեան համար, բայց նպատակ ունենալով ուրիշները մօտեցնելու մեր սկզբունքներուն», եւ «նման հռոմէացի զինուորներուն, որոնք խաչին տակ վիճակ ձգեցին Քրիստոսի պատմուճանին վրայ: Մենք եւս կը վիճինք Քրիստոսի հանդերձին համար, սակայն ոչ Քրիստոսի»:

Քրիստոս եկաւ համայն մարդկութեան համար
«Բայց Քրիստոս չծնաւ եւ չխաչուեցաւ միայն ընտրանի հասարակութեան մը համար, այլ բոլոր ազգերուն համար ու համայն մարդկութեան փրկութեան համար» հաստատեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հրաւիրելով` «մեր հայեացքը ուղղել Բեթղեհէմի լոյսին», ուր ծնաւ Փրկիչը, եւ այնտեղէն մեկնելով «տարածել փրկութեան այդ լոյսը, որ աւետուեցաւ հովիւներուն, մոգերուն եւ հասաւ մինչեւ մեզի` մկրտեալներուս որ կը պատկանինք Քրիստոսին, որ ամէն օր կը ծնի ամէն մէկ եկեղեցւոյ մէջ, Հաղորդութեան խորհուրդով եւ որ «միեւնոյն Քրիստոսն է բոլոր եկեղեցիներուն համար»:

Աղօթքը բաժանումի դէմ զէնք
Բաժանումներու եւ անհասկացողութիւններու որպէս դարման Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը կ’առաջարկէ «աղօթքի զէնքը»։
«Այն աղօթքը, որ կ’արտասանուի միասնաբար եւ կը կատարելագործուի արարքներով։ Այն աղօթքը, որ մեզ կը մղէ մէկը միւսին ըսելու թէ “անհամաձայնութիւն չկայ մկրտութեան խորհուրդին մէջ, անհամաձայնութիւն չկայ Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ, չկայ վէճ` որպէսզի բոլորս` կաթողիկէ, ուղղափառ կամ այլ եկեղեցիներու քրիստոնեաներ, աղօթենք միասին”», որովհետեւ, կ’ընդգծէ Մինասեան Պատրիարք, յարգելով հանդերձ իւրաքանչիւր աւանդութեան ժառանգութիւնը, «բոլորս մաս ենք գեղեցիկ ու ներդաշնակ մէկ երաժշտութեան` որ պէտք է փառաբանէ Արարիչը»։

Կաթողիկէ Քրիստոսը տարբեր չէ ուղղափառ Քրիստոսէն
«Իմացէ՛ք, որ իմ այսօրեայ խօսքս դատարկ կը մնայ, եթէ անիկայ դրական արձագանքներ չի գտնէ մեր մէջ, սկիզբ տալով նոր կեանքի մը՝ ամրապնդուած սիրով եւ զօրակցութեամբ, հեռու պահելով մեզ իրարմէ բաժանող բոլոր պատճառներն ու մոլուցքները, որոնք մեզ կը բաժնեն նաեւ մեր Փրկիչէն, որ իր կեանքը զոհեց մեզի համար, եւ որ մնաց ու կը գոյատեւէ սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ» ըսաւ միշտ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ ապա անդրադարձաւ այն իրականութեան` թէ «յաճախ կաթողիկէն կը մերժէ ուղղափառներուն հետ հաղորդութիւնը եւ ուղղափառը կը մերժէ այդ մէկը կաթողիկէներուն հետ» թէեւ «Կաթողիկէ Քրիստոսը տարբեր չէ ուղղափառ Քրիստոսէն» եւ Մկրտութեան խորհուրդն ալ տարբեր չէ մէկը միւսէն, որովհետեւ «Եկեղեցւոյ մէջ բոլոր խորհուրդներն ալ հաստատուեցան ուղղակի Քրիստոսի կողմէն»։

Աստուած ներէ մեզի բաժանումի մեղքին համար
Ուստի «ու՞ր է վէճը» հարց տուաւ Պատրիարքը ու հաստատեց. «Վէճը մարդկային է, եսասիրութեան ու աղանդաւորութեան հետեւանք, հեռու հոգեւոր ու քրիստոնէական որեւէ սկզբունքէ»։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խորհրդածութիւնը եզրափակեց աղօթքով մը, որուն մէջ հայցեց Աստուծոյ ներումը «բաժանումի մեղքին համար» ու խնդրեց` որ Տէրը «լուսաւորէ ճանապարհը` դէպի այն ցանկալի միութիւնը, դէպի մէկ եկեղեցի»։


Առ այդ՝ Հոգեւոր Տէրը իր ուղերձը աւարտեց ըսելով.
«Տէր եւ Աստուած իմ, ամբողջ սրտովս կը զղջամ բաժանման եւ հատուածականութեան ակամայ գործած մեղքիս համար, որու մէջ ինկած եմ աշխարհիկ մտահոգութիւններու պատճառով: Դուն ես իմ ապաստանն ու յոյսս, որուն կ’ապաւինիմ: Այ՛ո, Դո՛ւն եղիր միակ յոյսս, դո՛ւն ես որ զիս կրնաս փրկել եւ Դուն կարող ես լուսաւորել իմ ճանապարհս դէպի միութիւն, դէպի մէկ Եկեղեցի, դէպի ընդհանրական մէկ հօտ, որուն իսկական հովիւնն ես եւ որուն միջոցաւ մեզ պիտի շնորհես քու առատ շնորհքներդ։ Դո՛ւն ես լոյսն ու ճշմարտութիւնը եւ Դո՛ւն ես ճանապարհն ու խաղաղութիւնը: Քեզմէ ենք ու դէպի քեզի կը վերադառնանք, ուստի ողորմէ մեզի, Տէր, Քու մեծ ողորմութեամբդ, ողորմէ եւ փրկէ մեզ մեր մեղքերէն։ Ամէն»։