ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ

Երեքշաբթի, 28 Յունուար 2020-ի առաւօտեան, մարոնիթ պատրիարք Մար Պշարա Պութրոս Ռաաի կարդինալին հրաւէրով Պքերքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը, քննարկելու համար Լիբանանէն ներս վերջին երեք ամիսներէ ի վեր շարունակուող ժողովրդային ցոյցերուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, յատկապէս ժողովուրդին պահանջները եւ պարզել եկեղեցւոյ տեսակէտը: Ներկայ հոգեւոր պետերը, որոնց շարքին՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, օգնական Եպիսկոպոսը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի, իրենց մօտեցումները արտայայտեցին, պարզելով եկեղեցւոյ դիրքորոշումը երկրէն ներս ստեղծուած կացութեան եւ ժողովրդային պահանջներուն գծով:

Գագաթնաժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեամբ մը հոգեւոր առաջնորդները հաստատեցին որ նոր կառավարութիւնը պէտք է «շահի լիբանանցի ժողովուրդին, միջազգային հանրութեան և նուիրատուներու վստահութիւնը»: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին քաղաքական առաջնորդներուն «դրական ոգիով ընկալելու կառավարութեան աշխատանքը՝ որպէսզի կառավարութիւնը կարողութիւն ունենայ նուիրուելու բարեփոխումներու իրականացման»: Մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Անթուան Աուքար եպիսկոպոս կարդաց վեհաժողովին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն համաձայն, կառավարութենէն կը սպասուի բարեկարգումներ գործադրել եւ ընկերային արդարութիւն հաստատել: Ան նշեց, որ հոգեւոր պետերը անհրաժեշտ նկատած են լիբանանեան պետութեան կողմէ փտածութեան եւ մսխումին դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ իւրացուած գումարներու վերադարձը:

«Հոգեւոր պետերը հաստատեցին ցոյց կատարելու քաղաքացիին իրաւունքը` խստիւ դատապարտելով փողոցներուն մէջ եւ հրապարակներուն վրայ, յատկապէս` Պէյրութի մէջ արձանագրուած խուլիկանութիւնը: Անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին, որ այս արարքներուն պատճառով ժողովրդային շարժումը շեղի իր ազնիւ նպատակներէն», հաստատեց Աուքար եպիսկոպոս: